2014-01-25 09:35:23

Գ. Կիրակի զկնի ութօրէից Յայտնութեան Յով. 3, 13-21


RealAudioMP3 Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոս իր աշակերտին կը թելադրէ եւ կը յորդորէ ըսելով. «Ինքզինքդ ցոյց տուր իբրեւ օրինակ»: Այդ օրինակելի անձը կը կայանայ, ըստ Պօղոսին ուշադրութիւն դարձնելու խօսքին` թէ ինչ կը խօսինք, ինչ կը խրատենք կամ ինչ կը սորվեցնենք: Օրինակելի ըլլալ վարքով, այսինքն` մեր ապրելու կերպը պէտք է ըլլայ մաքուր, անբասիր: Օրինակելի ըլլալ սիրով, այսինքն` սիրել զԱստուած, սիրել ընկերը , ինչպէս նաեւ թշնամին սիրել: Օրինակելի հաւատքով, այսինքն` ըլլալ նոր արարածներ, նոր պտուղ տալ կեանքի մէջ: Ի վերջոյ սրբութեամբ, կը նշանակէ` աղօթքով, աստուածապաշտութեամբ, եւ երկիւղով:
Այսօրուայ աւետարանը շարունակութիւն մըն է այն մտերիմ խօսակցութեան, զոր Յիսուս գիշերանց ունեցաւ Նիկոդեմոսին հետ: Հոգեւոր վերածնունդն էր նիւթը: «Ոչ ոք եթէ վերստին չծնի, չի կրնար տեսնել Աստուծոյ Արքայութիւնը»: Յետոյ Յիսուս կ՛անցնի նոր յայտնութեան մը, եւ կը խօսի այն ինչ որ Երկնաւոր Հօր քով տեսած էր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, ով Նիկոդեմոս, մենք կը խօսինք ինչ որ գիտենք, կը վկայենք ինչ որ տեսանք»: Որովհետեւ «Ոչ ոք երկինք ելաւ, այլ միայն Ան որ իջաւ Երկինքէն, Մարդու Որդին, որ երկինքն է»:
Նիկոդեմոսի ուղղած իր խօսքին մէջ` Յիսուս Մովսէսի պղինձէ օձին պատկերը կու տայ: Երբ հրեայ ժողովուրդը, անապատի արեւուն տակ կը քալէր դէպի խոստացեալ երկիրը: Այս ճանապարհորդութեան ընթացքին, հրեայ ժողովուրդը շատ մը դժուարութիւններու հանդիպեցաւ, ի միջի այլոց թունաւոր օձերու, իրենց մահացու խայթոցներով շատ մը մարդիկ սպաննեցին: Հետեւաբար, Մովսէս, Աստուծոյ հրամանին վրայ, շինեց պղինձէ ոձ մը ու զայն ձօղի մը վրայ բարձրացուց, որպէսզի տեսանելի ըլլայ բոլորին կողմէ. իւրաքանչիւր խայթուող որ նայէր այդ օձին, զերծ կը մնար թունաւորումէ ու չէր մեռներ: Պղինձէ այս օձը նախապատկերն է խաչափայտին վրայ բարձրացած Յիսուսին: Ան որ կը մերձենայ խաչեալին, ու անոր կը հաւատայ , յաւիտենական կեանք կ՛ունենայ, իսկ ան որ կը մերժէ զԻնք, ու Անոր չի դիմէր ինքզինք կը կորսնցնէ եւ յուսահատութեան մէջ կը մեռնի: Ուստի առանց Աստուծոյ օգնութեան, երկրաւոր կեանքը անիմաստ կը դառնայ:
Սոյն աւետարանական հատուածին մէջ, Յիսուս կը համառօտէ իր մարդեղութեան եւ փրկչագործութեան խորհուրդը հետեւեալ բառերով: «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ անոր չկորսուի այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը»:
Յիսուսի մարդեղութենէն առաջ, մարդկութիւնն ամբողջ ստրուկ դարձած էր մեղքի եւ սատանային: Աստուած տեսնելով մարդկութեան այս տխուր եւ ողբալի վիճակը` անսահման գութէ շարժած երկինքէն իր ամենասիրելի Որդին ղրկեց : Այս աշխարհ եկաւ ոչ թէ դատելու եւ զայն դատապարտելու, այլ փրկելու համար:
Այսօրուայ աւետարանը կը մղէ մեզ հաւատալու Քրիստոսի միջնորդութեան, Աստուծոյ ձրի պարգեւին, որովհետեւ Իրմէ կախում ունի մարդուն յաւիտենական կեանքը կամ կորուստը: Հետեւաբար, բանանք մեր սիրտը հաւատքի աղբիւրին, եւ նայինք խաչեալին, այնպէս ինչպէս հրեաները, անապատին մէջ կը նայէին պղինձէ օձին, այն ատեն Յիսուս մեզ պիտի լուսաւորէ եւ նոր կեանք պիտի պարգեւէ եւ մեր գործերը պիտի կերպարանափոխուին, եւ պիտի դառնան Աստուծոյ գործերը:
Որքան ուրեմն փոյթեռանդն ըլլալու ենք բարի գործեր կատարելուն մէջ, որովհետեւ բարի գործը Արքայութեան դռները կը բանայ մեր առջեւ: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.