2014-01-25 09:48:07

«Ֆրիտըմ Հաուս» Արցախը կը նկատէ «մասամբ ազատ» երկիր։


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունուար 24ին կը տեղեկացնէ, թէ «Ֆրիտըմ Հաուս» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի աշխարհի տարածքին քաղաքական եւ քաղաքացիական ազատութիւններու ուսումնասիրութեամբ, Յունուար 23ին հրապարակած է իր տարեկան զեկոյցը, ըստ որուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, ինչպէս եւ նախորդ տարի, երկու ցուցանիշներով ալ արժանացած է «5» նիշի եւ կրկին դասուած է «մասամբ ազատ» երկիրներու շարքին:
Միաժամանակ, Ատրպէյճան մնացած է «ոչ ազատ» երկիրներու ցանկին վրայ, եւ զեկոյցին մէջ նշուած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական ազատութեանց վատթարացման մասին:
Կազմակերպութիւնը երկիրներու իշխանութիւններուն գործունէութիւնը կը գնահատէ երկու չափանիշներով՝ քաղաքական եւ քաղաքացիական ազատութիւններով: Այս ցուցանիշներէն իւրաքանչիւրը կը գնահատուի 1էն (առաւելագոյն) 7 (նուազագոյն) նիշով:
Ամբողջական զեկոյցին կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով http://freedomhouse.org/sites/default/files/FIW2014%20Booklet.pdf կայքէջը







All the contents on this site are copyrighted ©.