2014-01-24 11:34:38

Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը Վատիկանի մէջ։


Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ` Ֆրանսուա Հոլլանտ, ուրբաթ 24 յունուարին, պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Վատիկան ու հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։
Ֆրանսուա Հոլլանտ առաջին անգամն ըլլալով կ՛այցելէ Վատիկանը, Ան որպէս ֆրանսայի նախագահ` ունի ''պատւոյ կանոնիկոս''ի եզակի տիտղոսը, Հռոմի Ս. Յովհաննէս տաճարին։
Հոլլանտի վատիկան այցելութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանսայի 5-րդ հանրապետութեան նախագահի մը ութերորդ այցելութիւնը։ Ժորժ Փոնփիտու նախագահի բացառութեամբ, 1958-էն ասդին ֆրանսայի 7 նախագահները, առ նուազն մէկ անգամ այցելեցին Վատիկանը եւ հանդիպումներու գլխաւոր նիւթերը եղած են միշտ` Ֆրանսայի Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները որ կը հիմնուին 1905-ի հրատարակուած, այսպէս կոչուած ''աշխարհականութեան'' օրէնքի վրայ։
Շարլ Տէ Կոլ եղած է առաջին նախագահը որ այցելած է Վատիկանը հանդիպում ունենալով Յովհաննէս ԻԳ երջանկայիշատակ Քահանայապետի հետ 27 յունիս 1959-ին։
Ֆրանսայի նախկին նախագահ` Նիքոլա Սարքոզիի հետ, Վատիկան – Ֆրանսայ յարաբերութիւնները նոր թափ ստացան, տրուած ըլլալով որ Սարքոզին աւելի բաց կեցուածք մը ունէր ''աշխարհականութեան'' հարցին շուրջ եւ համոզումն ունէր թէ կրօնը մեծ ծառայութիւն կը մատուցէ ընկերութեան` մարդոց ներշնչելով հոգեւոր յոյսը որ Պետութիւնը չի կրնար ապահովել, ու նաեւ կ՛երաշխաւորէ անպաշտպաններուն եւ տկարներուն պաշտպանութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Հոլլանտի միջեւ հանդիպման ընթացքին արծարծրուած նիւթերը կեդրոնացան, երկու Պետութիւններու միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան պահպանումի ծիրէն ներս` շօշափուեցան ներկայ ժամանակաշրջանի հայող հարցեր, ինչպէս ընտանեկան կառոյցը, կենսաբարոյականութիւնը, եւ կրօնի ու կրօնական վայրերու յարգանքը։ Խօսակցութեան նիւթ եղան նաեւ աղքատութիւնն ու զարգացումը, գաղթականութիւնը եւ Միջին Արեւելքը եւ Ափրիկեան ցամաքամասը յուզող տագնապալից իրավիճակը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Նախագահ Հոլլանտ հանդիպում ունեցաւ նաեւ` Վատիկանի Պետքարտուղար` գերապայծառ Փիէթրօ Փրոնլինին հետ որուն կ՛ընկերանար վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթին։
Ֆրանսուա Հոլլանտ ծնած է 12 օգոստոս 1954-ին, Րուէն քաղաքի մէջ։ 1997-էն միչեւ 2008 եղած է ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան քարտուղար եւ 6 մայիս 2012-ին դարձած է Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.