2014-01-24 11:21:56

Ռուհանի. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երեսուն Տարուան Թշնամութիւնը Պէտք Է Ընկերութեան Վերածել»


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Տաւոսի մէջ միջազգային տնտեսական համախմբման ընթացքին իր արտասանած խօսքին ժամանակ յայտնեց, որ «չկայ երկիր մը, որ առանձին կրնայ ապրիլ»` նշելով, որ «ժողովուրդներուն ծառայող քաղաքականութիւններն են, որոնք յաւիտեանս պիտի մնան»:
Ան ըսաւ, որ «աշխարհի մէջ տնտեսական քաղաքականութիւնները պէտք է ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած ըլլան»:
Ռուհանի նշեց, որ «արտերկրի հետ Իրանի յարաբերութիւնները բարելաւելու ժամանակը հասած է»: «Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները նոր հանգրուան մուտք գործած են», ըսաւ Ռուհանի` աւելցնելով, որ «որեւէ թշնամութիւն կրնայ յաւերժ տեւել, եւ նոյնպէս` ոչ մէկ ընկերութիւն կրնայ յաւերժ ըլլալ: Ուստի մենք պէտք է թշնամութիւնը վերածենք ընկերութեան»:
Իրանի նախագահը շեշտեց, որ «շրջանին մէջ բռնարարքներու, ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան բոցերը բոլորին պիտի հասնին»` աւելցնելով, որ «շրջանին մէջ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարը բարգաւաճումով կը սկսի»:
Իրանի նախագահը նշեց, որ «խաղաղ հիւլէական ուժանիւթի մեր իրաւունքէն պիտի չհրաժարինք»:
Խօսելով Սուրիոյ տագնապին լուծման մասին` Ռուհանի ընդգծեց, որ «սուրիական տագնապի լաւագոյն լուծումը ազատ ու ժողովրդավար ընտրութիւններ կատարելն է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.