2014-01-24 11:16:24

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց լսելու երկխօսութեան հրաւիրող ձայնը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հինգշաբթի, 23 յունուար 2014-ին, Պքերքէի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի Մինա շրջանի բնակչութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ տիրող կացութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լսելու երկխօսութեան եւ իմաստուն վարուելակերպի հրաւիրող ձայնը` անտեսելով բռնարարքներու մարմաջը, որովհետեւ անիկա ապարդիւն է եւ յաւելեալ քանդում, ցաւ ու աղէտ կը պատճառէ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Թրիփոլին միշտ ալ եղած է լիբանանցիներուն հանդիպման վայրը եւ պէտք չէ դառնայ քաղաքական բախումներուն ու տագնապներուն զոհը:








All the contents on this site are copyrighted ©.