«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը երեքշաբթի օր` Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2»
միջազգային խորհրդաժողովին նախօրեակին, հիւսիսային Սուրիոյ Ճեզիրէ, Աֆրին եւ Քոպանի շրջաններուն
մէջ ինքնավարութիւն յայտարարած են: «Արեւմտեան Քիւրտիստանի Ճեզիրէի նահանգը» պիտի
ունենայ իր նախագահն ու 22 նախարարներ, ներառեալ` արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, արդարադատութեան
եւ կրթութեան նախարարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին քիւրտ, արաբ եւ ասորի ներկայացուցիչներ
պիտի նշանակուին: Նախագահի պաշտօնը պիտի վարէ քիւրտ Էքրեմ Հեզոն: Ինքնավար նահանգի պաշտօնական
լեզուներն են քրտերէնը, արաբերէնն ու ասորերէնը: «Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց,
որ ինքնավարութեան յայտարարութիւնը կատարուած է Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժողովրդավար ինքնավար
կառավարութեան 52 կուսակցութիւններէ, քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններէ,
երիտասարդական ու կիներու շարժումներէ ներկայացուցիչներէ ու 15 անկախ անհատներէ բաղկացած
օրէնսդիր մարմինի ժողովէն ետք: Քիւրտերը ինքնավարութիւն յայտարարած են «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին
անկախ պատուիրակութեամբ մը մասնակցելու անոնց պահանջին մերժուելէն ետք: