2014-01-23 10:26:10

Ուքրանիոյ ցոյցերուն առաջին զոհերը


ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Անցեալ Նոյեմբերին կառավարութեան դէմ սկսած ցոյցերուն առաջին զոհերը արձանագրուեցան արդէն Չորեքշաբթի, Յունուար 22ին, երբ Քիեւի մէջ ուքրանացի ընդդիմադիրներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, ցուցարարներու նստավայր մը քանդելու ոստիկանութեան մէկ գործողութեան ընթացքին: Երկու ցուցարարներ սպաննուեցան այդ բախումին ընթացքին, իսկ այլ ցուցարար մը նոյն օրը մահացած է՝ բարձր վայրէ մը իյնալով: Ցոյցերը սկսած էին դատապարտելու համար երկիրը Եւրոպական Միութենէն հեռացնելու եւ Ռուսիոյ մօտեցնելու Քիեւի իշխանութեանց քաղաքականութիւնը: Չորեքշաբթի օրուան սպանութիւններէն ետք, նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ հանդիպում մը ունեցաւ ընդդիմութեան ղեկավարներուն հետ՝ փորձելով կացութիւնը զսպել:







All the contents on this site are copyrighted ©.