2014-01-22 15:10:55

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի թուիթը Ուաշինկթոնի մէջ կեանքի ի նպաստ քայլարշաւի առթիւ։


Չորեքշաբթի 22 յունուարին, Ուաշինկթոնի մէջ տեղի կ'ունենայ կեանքի ի նպաստ 41-րդ քայլարշաւը։ Միացեալ նահանգներու եկեղեցւոյ աւանդական ձեռնարկը յիշատակելու համար , 1973 թուականին, Ամերիկայի բարձրագոյն դատարանի հրատարակած վճիրը որ արտօնեց վիժումի օրէնքը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը , չորեքչաբթի 22 յունուարի իր թուիթին մէջ գրեց`

''Իմ աղօթքներովս կը միանամ Ուաշինկթոնի մէջ կեանքի ի նպաստ քայլարշաւին։ Թող Աստուած մեզ օգնէ յարգելու ամէն տեսակ կեանք, յատուկօրէն անպաշտպանները''







All the contents on this site are copyrighted ©.