2014-01-22 12:54:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը ` ''Քրիստոնեաներու Միութիւնը''։


Վատիկան` չորեքշաբթի, 22 յունուար 2014, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։
Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կեդրոնացուց, Քրիստոնեաներու միութեան վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ Ան – անցեալ շաբաթ օր սկիզբ առաւ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը որ վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ շաբաթ օր` Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնին օրը։
Հոգեւոր բնոյթ ունեցող այս ձեռնարկը, քրիստոնէական համայնքները` կը հրահրէ աւելի քան 100 տարիներէ ի վեր։ Ժամանակաշրջան մը նուիրուած աղօթքի, բոլոր մկրտեալներու միութեան դիտաւորութեան, Քրիստոսի այն կամքին համաձայն որ ''ամէնքը մի ըլլան'' (Յովհ 17,21)։
Ամէն տարի, աշխարհի մէկ շրջանի համամիութենական խումբ մը, Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուդրի եւ Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի ղեկաւարութեամբ, կ՛առաջարկէ տարուան աղօթքի նիւթը եւ կը պատրաստէ աղօթքի շաբթուան գրքոյկը։ Այս տարուայ գրքոյկը պատրաստուած է Քանատայի Եկեղեցական հասարակութեան կողմէ որ ընտրած են որպէս նիւթ` Սուրբ Պօղոսի Կորընթացիներուն ուղղած հարցումը` ''Արդեօք Քրիստոս բաժնուեցա՞ւ։ (Ա. Կորընթ. 113)
Անկասկած Քրիստոս չի բաժնուեցաւ – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց թէ - պէտք է անկեղծօրէն եւ ցաւով ընդունիլ որ մեր հասարակութիւնները զոր Քրիստոսի Անունը կը դաւանին, կը շարունակեն բաժանունմներու մէջ ապրիլ, ըլլալով առիթ գայթակղութեան։
Սուրբ Պօղոս կը քննադատէ կորընթացիները եւ նոյնիսկ անոնք որ Յիսուսի անունը կը գործածեն բաժանումներ յառաջացնելու նպատակով։ Որովհետեւ Քրիստոսի անունը հաղորդութիւն եւ միութիւն կը ստեղծէ եւ ոչ թէ բաժանում։ Սուրբ Մկրտութիւնն ու խաչը քրիտոնիայի կեդրոնական տարրերն են որ մեզ կը միաւորեն։Մինչ բաժանումները կը տկարացնեն մեր աւետարանութեան յանձնառումի հաւաստիութիւնն ու արդիւնաւորութիւնը։
Պօղոս առաքեալ կը հանդիմանէ կորընթացիները ու անոնց վիճաբանութիւնները ու միւենոյն ատեն գոհութիւն կը յայնտէ Աստուծոյ` Անոր պարգեւած շնորհքներուն համար, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ ''Անով ճոխացաք ամէն տեսակ հարստութիւններով, թէ խօսքի եւ թէ գիտութեան, եւ Աստուծոյ վկայութիւնն ալ ամրացաւ ձեր մէջ։ Առաքեալի այս խօսքերը քաջալերանք մըն են ամէն քրիստոնեայ հասարակութեան, ուրախութեամբ ճանչնալու Աստուծոյ` քրիստոնեաներուն յատկացուցած շնորհքները։
''Հակառակ ցաւալի բաժանումներուն որ տակաւին կը շարունակուին, ընկալենք Սուրբ Պօղոսի խօսքերը որպէս հրաւէր` անկեղծօրէն ուրախանալու, Աստուծոյ պարգեւած շնորհքներուն համար'' – յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ ''Միութեան աղօթքի շաբաթուայ աղօթքները պատրաստող Քանատացի խումբը, հրաւիրեց հասարակութիւնները չմտածել թէ ինչ կրնան տալ իրենք միւս քրիստոնեաներուն, այլ զանոնք յորդորեց հանդիպելու իրար ու հասկնալու թէ ի՞նչ կարելի է ընդունիլ մէկը միւսէն ու այս մէկը – հաստատեց Քահանաապետը –կը պահանջէ հեզութիւն ու նաեւ յարատեւ խորհրդածութիւն եւ ապաշխարութիւն։

Սիրելի եղբայներ, ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը, Սուրբ Պօղոսի վարդապետութիւնը մեզ կը յիշեցնէ թէ Աստուծոյ որդիներ ենք, Սուրբ մկրտութեան շնորհքով, յառաջ ընթանանք աղօթելով Քրիստոնեաներու միութեան համար որպէսզի այս գայթակղութիւնը անհետանայ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խորհրդածութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած զանազան ազգութիւններէ ուխտաւորները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն վերակոչելով Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնը։
Սիրելի երիտասարդներ- ըսաւ Քահանայապետը – Սուրբ Պօղոսը ձեզի բոլորիդ համար ըլլայ միսիոնարական առաքելութեան տիպար։ Սիրելի հիւանդներ` ձեր ցաւերը նուիրեցէք Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան համար եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ, ներշնչուեցէք առաքեալի օրինակէն, ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ ճանչնալով Աստուծոյ ու Անոր սիրոյն առաջնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.