2014-01-22 12:55:10

Պարաք Օպամա պիտի այցելէ Վատիկան


Միացեալ նահանգներու նախագահ` Պարաք Օպամա, յառաջիկայ 27 մարտին պիտի այցելէ Վատիկան եւ հանդիպում պիտի ունեայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Այս մասին հաղորդած է Սպիտակ Տունը եւ լուրը հաստատած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմապարտին։
Նշենք, թէ վերոյիշեալ հանդիպումը, Միացեալ Նահանգներու` նախագահ Օպամային առաջինը պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիկոս Քահանյապետին հետ։
Անցեալ 19 մարտ 2013 ին , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գահակալութեան օրուան առթիւ, արարողութեան մասնակցած էր փոխ նախագահ Ճօ Պայտյն։
Օպամայի եւ Սրբազան Քահանայապետի միջեւ հանդիպումի լուրը լոյս կը տեսնէ, անցեալ 14 յունուարին, Վատիկանի մէջ, Ժոն Քէրրիի եւ Գերապայծառ Փիէթրօ Փարոլինի միջեւ՝ տեղի ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս ետք։
Պարաք Օպամա Իտալիայ կեցութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Իտալիոյ Նախագահ Ճորճիօ Նափոլէթանոյի հետ, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ վարչապետ Էնրիքօ Լէթթային հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.