2014-01-22 10:06:38

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 « Արդեօ՞ք կարելի է Տէրը խաբել …»

Հանդիպած ենք մարդոց որոնք կը կարծեն թէ իրենք կարող է խաբել ոեւէ անձ եւ որ իրենց սուտը կամ այսպէս կոչուած՝ ՜՜խաբելու ձիրքը՝՝ անգերազանցելի է... Սուտը ճերմակ թէ սեւ, անմեղ թէ կործանարար օր մը պիտի յայտնուի եւ ստախօսը ամօթով պիտի թողու։ Կան մարդիկ ալ որոնք իրենց սուտին կը հաւատան, եւ զոհ կ՝երթան այդ արարքին...
Շատեր կը շփոթեն սուտը ճարպիկութեան հետ. ահաւասիկ դրուագ մը.
Գործատէր մը, որ տարուան ընթացքին յաճախակի ճամբորդութիւններ ունենալով, որոշած էր իրեն փոխանորդ կարգել իր ընկերութեան պատասխանատու տասը անձերէն մէկը: Հողամշակութեամբ զբաղող միջազգային ընկերութիւն ըլլալով, գործատէրը իր տասը օգնականներուն անակնկալ մէկ պահուն կը յանձնէ սոխանման մէկական հունտ:
Անսպասելի այս «նուէր»ը, գործատէրը գրաւի նման կու տայ անոնց, նախքան ճամբորդութեամբ իր բացակայիլը, պատուիրելով որ իւրաքանչիւր անձ այդ հունտը տանի ու թաղարի մէջ ցանէ, եւ իր վերադարձին՝ արդիւնքը բերէ ու ցոյց տայ իրեն: Տասն ալ զարմանքով կը ստանձնեն այս տարօրինակ պարտականութիւնը, իրենց լաւագոյնը տալու յանձնառութեամբ ու խոստումով:
Մի քանի շաբաթներ ետք գործատէրը կը վերադառնայ ու հերթաբար իր մօտ կը կանչէ տասը պատասխանատուները: Բոլորն ալ հողամշակութեան մասնագէտներ ըլլալով, հազարաւոր հեքթար հողատարածքներ ցանք կատարել տուած էին սոյն ընկերութեան մէջ պաշտօն ստանձնելէ ի վեր: Սակայն նման առաջարկ բնաւ եղած չէր իրենց նախապէս: Գործատէրին հաճելի թուելու համար, անոնցմէ իւրաքանչիւրը գեղեցիկ թաղարի մէջ աճեցուցած էր տրուած հունտը, երբեմն գունագեղ ժապաւէններով ալ գեղեցկացնելով թէ՛ նորածիլ տունկը եւ թէ թաղարը:
Տասներորդ պատասխանատուն, որ վերջին վայրկեանին հասաւ գործատէրին գրասենեակը, թաղար չունէր իր հետ: Միւսները զարմացած նայեցան ասոր համարձակութեան, որ բնաւ մտավախութիւն չունէր իր գործը կորսնցնելու, երբ չէր կատարած գործատիրոջ այս պարզ հրահանգը:
Ճիշդ այդ պահուն գործատէրը դուրս եկաւ իր գրասենեակէն եւ իննը պատասխանատուներուն հետ տեսաւ նաեւ տասներորդը: Ուշացած պատասխանատուն տեսնելով միւս իննը ծաղկած թաղարները, բնաւ չ՛երկմտեցաւ, այլ՝ մօտեցաւ գործատիրոջ, յարգալից ողջունեց եւ գրպանէն հանելով իրեն յանձնուած հունտը ըսաւ, թէ ի՛նք ալ ցանած էր եւ ամէն օր ջրած ու խնամած: Սակայն հունտը բնա՛ւ չէր բուսած, ո՛չ իսկ ծիլ արձակած…:
Գործատէրը այն ատեն իր քով կանգնեցուց վերջինը, ու միւսներուն դառնալով ըսաւ.
_ Պէտք չէ՛ր խաբէիք զիս: Այն հունտերը զոր ես ձեզի տուած էի, չէի՛ն բուսներ, որովհետեւ քիմիական յատուկ ներարկում ստացած էին: Դուք ամէնքդ ալ գացած եւ փոխած էիք, ու ձեր այս տունկերուն հունտը իմ տուածս չէ: Եւ վստահաբար ասիկա ըրիք՝ ինծի հաճելի թուելու համար: Սակայն այս մարդը հաւատարիմ գտնուեցաւ ինծի, ու չխաբեց զիս: Ուրեմն ի՛նք է յարմարագոյն անձը որ կրնայ փոխարինել զիս իբրեւ վերին պատասխանատուն այս ընկերութեան:
Դրուագը ցոյց կու տայ այն կարճ ճանապարհը, ուրկէ անցան իննը պատասխանատուները, որոնք շա՜տ հեռուները երթալու հեռանկարով աշխատեցան: Այնքան կարճ էր անոնց ճամբան, որ իրենց գործատէրը խաբելէն մինչեւ հարցին բացայայտումը, միայն ակնթարթ կարելի է նկատել, կամ՝ քաղցր երազ, որուն մետաքսէ վարդագոյն վարագոյրը առաւօտեան զով օդին մէջ պարող մեղմ զեփիւռին հպումէն կը պատռուի…:
Հեռանկարը մեծ, սակայն ճամբան կարճ այս արարքը՝ խաբելու երեւոյթը, իրեն նման կարճ արմատներ նետող բոյսի կարելի է նմանցնել նաեւ, որ աւետարանական պատկերով՝ ապառաժուտ տեղ՝ քիչ հողի մէջ շուտով կը ծլարձակի, սակայն արեւուն ծագմամբ՝ ճշմարտութեան բացայայտումով շուտով կը խանձի, ու իր դեղնած ծիլերն ալ ինքնակամ յուսահատութեամբ աշնան քամիին կը յանձնէ:
՜՜Սուտին սրունքները կարճ են՝՝ կ՝ըսէ առակը. ու մենք աւելցնենք սուտը իր տէրը ՜՜ստախօսը՝՝ շատ հեռու չի հասնցներ ուշ թէ կանուխ կը յոգնի քանի որ սրունքները կարճ են...
Խուսափինք սուտէն ու ճշմարտութիւնը պաշտպանենք ...
(Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.