2014-01-22 12:17:59

Հակառակ խաղաղարար ճիգերուն. Թրիփոլիի ճակատը մնաց բռնկած վիճակի մէջ


Երէկ ուշ երեկոյեան բախումները վերսկսան Թրիփոլիի տաք ճակատներուն, յատկապէս Ժեպել Մըհսեն եւ Թըպպանէ շրջանները իրարմէ բաժնող Սուրիա փողոցին մէջ` ծանր հրթիռարձակման թիրախ դարձնելով մօտակայ վայրերը:
Փոխադարձ կրակոցներուն պատճառով քաղաքացի մը` Խտըր Ռըզ, վիրաւորուած էր երէկ յետմիջօրէին` Թրիփոլիի Մինա շրջանին մէջ:
Իսկ Թըպպանէի մայրուղին շարունակեց թիրախ դառնալ արձակազինութեան:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի երկու սպայ եւ հինգ զինուոր վիրաւորուեցան երէկ, երբ զանոնք փոխադրող հրասայլը թիրախ դարձաւ արձակազէններու կողմէ կատարուած հրթիռարձակումի` Սուրիա փողոցի Սթարքօ ճակատին վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.