2014-01-22 12:17:28

Կիւլպէնկեան Հիմնադրամը օժանդակութիւն կը տրամադրէ Սուրիահայութեան


Գալուստ ԿիւլպԷնկեան հիմնադրամի Խնամակալներու խորհուրդը Նոյեմբերին որոշած է սուրիահայութեան տրամադրել 120 հազար եւրոյի օժանդակութիւն մը, որ պիտի ըլլայ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը կազմակերպութիւններու վերահսկողութեան տակ։ Այս մասին կը հաղորդէ հիմնադրամը:
Կիւլպէնկեան հաստատութեան Հայկական հայմայնքներու բաժանմունքին կողմէ տրամադրուած գումարը պիտի ծառայէ ոչ միայն Հալէպի համայնքի վերականգնման, այլ նաեւ պիտի նպաստէ այլ համայնքներու, ներառեալ Դամասկոսի հայութեան։ Հիմնադրամը, անցեալ տարուան ընթացքին, Սուրիայէն մեկնած գաղթականներուն համար յատկացուցած էր 80 հազար եւրոյի գումար մը ։
Աջակցութիւն Կրթական Ոլորտին
Պատերազմէն խոյս տուած հազարաւոր սուրիացի համալսարանականներ այժմ իրենք զիրենք կը գտնեն իրենց ուսումը շարունակելու դժուարութեան առջեւ։ Ի տես այս տագնապին՝ ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութեանց դաշինքի նախկին բարձրագոյն յանձնակատար Խորխէ Սամփայօ այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցաբար ստեղծեց Սուրիացի ուսանողներու համար համաշխարհային գործընկերութիւնը, որուն նպատակը նշեալ ուսանողներուն կրթաթոշակներու վճառման աջակցիլն է, ինչպէս նաեւ օգնել, որ ուսանողները իրենց ապաստանած երկիրներուն մէջ իրենց կրթութիւնը շարունակեն։ Կիւլպէնկեան հիմնարկը մինչեւ 2015 պիտի զօրակցի այս ծրագիրին՝ հայէպահայ աշակերտներուն տրամադրելով շուրջ 200 հազար եւրօ։
Աւելին, Հայաստան գտնուող շուրջ 350 սուրիացի գաղթական ուսանողներ իրենց ուսումը շարունակելու համար Կիւեպէնկեան հաստատութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքէն աջակցութիւն պիտի ստանան։
Սուրիոյ մէջ նախակրթական եւ երկրորդական դպրոցները եւս պատերազմէն մեծ վնասներ կրեցին։ Հիմնարկը այդպիսի 22 դպրոցներու համար շուրջ 125 հազար եւրոյի գումար մը պատրաստած է, որպէսզի հազարաւոր մանուկներ կարենան իրենց ուսումը շարունակել։







All the contents on this site are copyrighted ©.