2014-01-21 10:26:23

Սրբուհի Ագնէսին տօնին առթիւ, օրհնուած գառնուկներու ներկայացում Սրբազան Քահանայապետին։


Վատիկան։ Այսօր՝ 21 յունուար 2014-ին՝ տօնն է Սրբուհի Ագնէսին՝ կոյս եւ մարտիրոս (ըստ լատինաց)։ Այս տօնին առթիւ` աւանդութեան համաձայն, Սրբազան Քահանայապետը կ՛օրհնէ 2 նորածին գառնուկներ որուն բուրդով ապա կը հիւսուի ''Պալիումը'' կամ Եմիփերոնը։ Պալիումը կամ եմիփերոնը ուրար մըն է, զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը ունի խաչի հինգ զարդարանք՝ որ կը յիշեցնեն Յիսուսի վէրքերը։
Պալիումի գործածութիւնը սկսած է 5-րդ դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Անիկա կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով ՝ որ կը յիշեցնեն Բարի Հովիւին խաչին վրայ կրած վէրքերը։ Պալիում կը շնորհուի նորընտիր եպիսկոպոսներուն խորհրդանշելու համար անոնց յատուկ կապն ու հաղորդութիւնը առաքելական աթոռին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.