2014-01-21 10:44:50

Յոբելինական տարի նուիրուած ծէսին


Յառաջիկայ կիրակի, 26 յունուար 2014ի, երեկոյեան ժամը 6-ին, Սուրբ գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւող մէջ, տեղի կ'ունենայ պաշտօնական բացում` Ծէսի նուիրուած յոբելինական տարուայ հանդիսութեանց։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը կազմակերպուած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմին կողմէ, բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս – Պատրիարքին։ Հանդիսութեան կը մասնակցի նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պարտրիարքական Կռունկ երգչախումբը։
Յայտնենք որ Ծէսի նուիրուած յոբելինական տարին հռչակուած է ''Sacrosanctum Concilium'' Առաքելական Սահմանադրութեան յիսուներորդ տարեդարձին առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.