2014-01-21 09:38:00

Խօսէ' ինծի Հայ եկեղեցիի մասին


RealAudioMP3 ՆԱԽԱԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքի մասին խօսելով՝ զանազանելու ենք երկու պատմական շրջան: Առաջինը՝ Նախալուսաւորչեան Շրջանն է, այսինքն՝ քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ՝ Լուսաւորչին եւ Տրդատին քարոզչութենէն առաջ: իսկ երկրորդը՝ Լուսաւորչեան Շրջանն է, որ երբ Լուսաւորչի քարոզութեամբ քրիստոնէութիւնը դարձաւ Հայոց պաշտօնական կրօնը:
Հայաստանի քրիստոնէացումին առնչութեամբ՝ պատմաբաններուն առջեւ երեք հարցում կը ներկա-յանայ. Առաջին հարցում՝ Հայաստանի հողին վրայ քրիստոնէութիւն մը գոյութիւն ունեցա՞ծ էր Լուսա-ւորչէն առաջ: Երկրորդ՝ եթէ այո, ան որու՞ միջոցով մուտք գործած էր: Երրորդ՝ այս նախալուսաւոր-չեան քրիստոնէութիւնը վարչական եւ կազմակերպչական կառոյց ունեցա՞ծ էր Եկեղեցի ըլլալու չափ (այլ խօսքով՝Հայաստանի մէջ Լուսաւորչէն առաջ, քրիստոնէութենէն բացի, նաեւ հայ Եկեղեցի մը գոյու-թիւն ունեցա՞ծ է):
Փորձենք պատասխանել այս երեք հարցումներին:
Ա.- Հայաստանի մէջ՝ նախալուսաւորչեան քրիստոնէութիւնը մը գոյութիւն ունեցա՞ծ է:
Գոյութիւն ունին պատմական տուեալներ եւ անոնց ընկերացող կարգ մը տրամաբանական երեւոյթ-ներ:
Պատմական փաստեր


Ա- Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը- Հայաստան աշխարհը՝ անցքի ճամբայ մը, խաչմերուկ մը եւ քառուղի մը եղած է զինք շրջապատող երկիրներուն համար, հետեւաբար նաեւ քրիստոնեայ հոսան-քին: Ապա Հայաստան իբր անմիջական հարեւան ունեցած է իրմէ առաջ քրիստոնեայ դարձած ասորա-կան եւ յունական քրիստոնէութիւնները: Այս զոյգ իրականութիւններուն պատճառով, բնական է որ Հայաստան քրիստոնէական թափանցում մը կրած ըլլար՝ անձէ անձ, ճամբորդէ ճամբորդ, վաճառա-կանէ վաճառական ու բերնէ բերան փոխանցուած քարոզչութեամբ, անպաշտօն կամ գաղտագողի մուտքերով: Հայաստան իր ո՛չ ամբողջապէս հեթանոս, ո՛չ ալ ամբողջապէս քրիստոնեայ երկիր ըլլալու հանգամանքով՝ ծառայած պիտի ըլլար իբր ապաստան երկիր հալածուած ուրիշ քրիստոնեաներու, որոնց արձագանքն է Հռիփսիմեանց Հայաստան գալը:
բ- Հրեայ գաղութները- Աւետարանին առաջին քարոզիչները հրեաներ եղան, որոնք նախընտրեցին աւետարանել նախ իրենց ցեղակից գաղութները, քանի որ անոնց հետ հասարակաց ունէին հրեայ լեզուն եւ Աստուածաշունչը: Հետեւաբար հրեայ գաղութները եղած են աւետարանուող առաջին գա-ղութները: Արդ, պատմութենէն գիտենք թէ Հայաստանի մէջ ալ հրեայ գաղութներ գոյութիւն ունէին Մեծն Տիգրանի օրերէն ի վեր:
գ-Հալածանքի փաստը- Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, Հայաստանի մէջ Լուսաւորչէն առաջ հալա-ծանքներ պատահած են բնիկ քրիստոնէութեան մը դէմ Մաքսիմիանոս կալսրի օրով, 287-ին:
դ-Հայոց հեշտ դարձի փաստը- Հեղինակներ կան, որոնք կը համարին թէ Հայոց դարձը Լուսաւորչի ձեռքով հեշտօրէն իրականացաւ, ինչ որ կը նշանակէ թէ իրմէ աառաջ՝ Հայաստան արդէն մեծ մասամբ քրիստոնեայ եղած էր: Բայց ո՛չ, Գ. Լուսաւորիչ զինեալ բուռն ընդդիմութեան բախեցաւ հայ նախարար-ներուն եւ քուրմերուն կողմէ: Գրիգորի օրով՝ հայութիւնը քրիստոնեայ կրօնը հարկադրուած ընդունեց (Փ. Բիւզանդ, 33):

(Քաղուած՝ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն







All the contents on this site are copyrighted ©.