2014-01-21 10:09:41

Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիել Քաչիայ
յայտնեց, որ Միջին Արեւելքը կ՛ապրի զգայուն հանգրուան մը։


Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երեքշաբթի 20 յունուարին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիել Քաչիայի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին եւ յանձնառու պիտի մնայ ինքզինք սուրիական տագնապէն հեռու պահելու: Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապը լուծուի, որպէսզի Սուրիան վերակառուցուի եւ սուրիացի գաղթականները վերադառնան իրենց երկիրը:
Նախագահ Սլէյման մերժեց Սուրիոյ մէջ որեւէ օտար զինուորական միջամտութիւն, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ միջազգային յաւելեալ օժանդակութիւն ցուցաբերուի` իր վրայ սուրիական տագնապին ունեցած հետեւանքները նուազեցնելու:
Իր կարգին, Քաչիա յայտնեց, որ Միջին Արեւելքը կ՛ապրի զգայուն հանգրուան մը, սակայն տակաւին կարելի է նշմարել այդ կացութեան յարմար լուծում մը յատկացնելու միջազգային-շրջանային յոյսի նշոյլ մը:
Քաչիա նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը յոյս կը ներշնչէ` երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու առումով:







All the contents on this site are copyrighted ©.