2014-01-21 09:50:12

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ արդար խաղաղութիւն հաստատելու


«Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին` Սուրիոյ տագնապի լուծման վերաբերող Արամ Ա. կաթողիկոսի առաջարկը միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համաժողովին կողմէ` իբրեւ հիմքը «Ժընեւ-2»-ին ուղղուելիք յատուկ յայտարարութեան:
Յայտարարութեան մէջ ժողովին մասնակիցները մասնաւորապէս կը նշեն. «Մենք կ՛անհանգստանանք բոլոր այն մարդոց համար, որոնք տուժած են Սուրիոյ մէջ անխնայ բռնութեան եւ մարդկային աղէտին պատճառով: Անհամար թիւով անմեղ երեխաներ, կիներ եւ տղամարդիկ կը սպաննուին, կը վիրաւորուին եւ կը հեռացուին իրենց տուներէն: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ձեզի` իբրեւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի մասնակիցներ, հետապնդելու բոլոր զինեալ տագնապներու եւ թշնամութեան անմիջական դադրեցումը Սուրիոյ մէջ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք տագնապի բոլոր կողմերուն ազատ արձակելու ձերբակալուած եւ առեւանգուած անձերը: Կը յորդորենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին միջոցներ ձեռք առնելու` վերջ տալու Սուրիա զէնքի եւ օտար զինուորներու հոսքին»:
Խորհուրդը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ ապահովելու, որ Սուրիոյ բոլոր խոցելի համայնքները եւ դրացի երկիրներուն մէջ ապաստան գտած գաղթականները պատշաճ մարդասիրական օգնութիւն ստանան, ինչպէս նաեւ զարգացնելու բազմակողմանի եւ ընդգրկուն հոլովոյթ մը` արդար խաղաղութեան հաստատման եւ Սուրիոյ վերակառուցման համար:
«Իբրեւ քրիստոնեաներ` մենք միաձայն կոչ կ՛ուղղենք Սուրիոյ մէջ արդար խաղաղութեան հաստատման: Այս խաղաղութեան հասնելու համար մենք պէտք է միասին աշխատինք մեր մահմետական քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ, որոնց հետ ունինք ընդհանուր պատմութիւն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ ընկերային արժէքներ: Մենք վստահութեան կառուցման միջոցով կը ջանանք աշխատիլ յանուն ազգային հաշտութեան եւ ապաքինման»,- յայտարարեցին եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի համաժողովին մասնակիցները:







All the contents on this site are copyrighted ©.