2014-01-20 12:36:01

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 20 յունուարի քարոզը։


Երկուշաբթի, 20 յունուար, առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,
Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ եւ անմահ պատարագին
արտասանած իր քարոզին մէջ, մատնանշեց թէ ''Պէտք ենք պատրաստ ըլլալ ընդունելու Աւետարանի նորութիւնները եւ Աստուծոյ անակնկալները''։
Մեր Աստուածը միշտ նոր բաներ կ'ընէ եւ մեզմէ կը խնդրէ հեզութեամբ ընդունիլ Անոր նորութիւնները։ Աւետարանին մէջ Յիսուս յստակ է ասոր մասին, ըսաւ Սրբազան Հայրը- մէջբերելով Յիսուսի խօսքերը , ''Նոր գինին, նոր տիկերուն մէջ կը զետեղուի''։ Աստուած է որ գինին կը բերէ, սակայն այդ պէտք է ընդունուի ''նորութեան'' բացուելով։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ քարոզը եզրափակելէ առաջ անդրադրձաւ Քրիստոնէական Ազատութեան մասին ու ըսաւ.
''Քրիստոնէական ազատութիւնը եւ հնազանդութիւնը՝ Աստուծոյ Խօսքը ընդունիլ է եւ քաջութիւնը ունենալ նոր տիկեր ըլլալու այս շարունակ հոսող նոր գինիին համար։ Եւ այս քաջութիւնը կախեալ է Սուրբ Հոգիէն։ Հայցենք ուրեմն՝ Աստուծոյ խօսքը ընդունելու շնորհքը. Խօսքը որ Կենդանի եւ Զօրեղ է եւ կը զատորոշէ զգացումները եւ սրտին մտածումները ։







All the contents on this site are copyrighted ©.