2014-01-20 09:58:43

Ողջախոհութեան Աստուածային Առաքինութիւնը


RealAudioMP3 Նախապէս ըսինք թէ Ս. Գիրքը զօրեղ ապացոյցներ կը ներկայացնէ ի նպաստ ողջախոհութեան գործադրութեան: Այս նիւթին նկատմամբ մէջբերեցինք Կորնթացւոց Առաջին թուղթին վեցերորդ գլուխը, ուր Պօղոս յստակ կերպով կը բացատրէ թէ Քրիստոս չփրկեց միայն հոգին, այլ նաեւ մարմինը եւ տուաւ անոր նոր արժէք: Մարմինը, ուրեմն չէ սահմանուած ապականութեան, այլ յարութեան. ուստի մարդը ինչպէս իր հոգիին, նաեւ իր մարմինին հանդէպ ունի պատասխանատուութիւններ:
Ս. Պօղոս կը թուարկէ որոշակի զանազան մեղքերը պոռընկութեան (սեռային յարաբերութիւնը ոչ-ամուսնացեալ անձերու միջեւ) Շնութեան (սեռային յարաբերութիւնը ամուսնացեալի մը ոչ ամուսնացեալի մը հետ, երբ օրինաւոր այր եւ կին չեն). Գիջութիւն (առանձնական եւ ապօրինի գործածութիւն ծննդական կարողութեան). Սոդոմականութիւն (նոյնասեռ անձերու մէջ կատարուած անմաքուր գործեր). յետոյ կը դատապաէտէ ընդհանուր ձեւով կատարուած որեւէ գործ:
Ս. Պօղոս կը հաստատէ որ այդ գործերը կը զրկեն անձը ժառանգելէ Երկինքի Արքայութիւնը, որով ծանր մեղքեր են:
Դարձեալ կը զգացնէ թէ նոյնիսկ հեթանոսներուն համար մեղք են, որովհետեւ առաջին քրիստոնեաները պարտաւորուեցան մաքրուիլ, սրբուիլ այդ մեղքէն, մկրտութեամբ: Ուրիշ խօսքերով, բնական օրէնքին հակառակ են, ինչ որ միակ օրէնքն է որ ունին հեթանոսները:
Մեղանչական են, որովհետեւ բռնաբարել մըն է ինքնին մեր մարմինը: Իսկ քրիստոնեայ հոգւոյ մը մէջ այս մեղքերը խանգարում մը կը ծնանին, որ կը հետեւի պոռնկի անդամ ընելով Յիսուսի անդամները, աղտոտելով մարմին մը, որ վիճակուած է յարութիւն առնելու Յիսուսի հետ փառաւորեալ կեանքով. պղծելով Սուրբ Հոգւոյն կենդանի տաճարը:
Կարելի չէ երեւակայել աւելի վեհաշուք մտածական մը մեր մարմնի մասին, որ աւելի ազդու դատապարտութիւն մը անմաքրութեան գործին:
Ս. Պօղոս յայտարարած է թէ ամուսնութենէ դուրս ծննդական կարողութեան գործածութիւնը հակառակ է բնութեան օրէնքին: Այդ բնական օրէնքն է պարզապէս ինքնին օրէնքը ուղիղ բանականութեան:

Որքան աւելի խոր կերպով ըմբռնենք Աստուծոյ շնորհքին պարգեւը, այնքան կ՛աւելնայ յարգանքը` մեր մարմինին նկատմամբ:
Ս. Պօղոս` ամուսնութեան սկզբունքի եւ պոռկութեան մասին կորնթացիներու կողմէ ղրկուած հարցումներուն կը պատասխանէ. « Հիմա գանք հարցին որուն մասին գրեցիք ինծի: Այր մարդուն համար լաւ է կնոջ չմերձենալ: Պոռնկութեան վտանգին համար սակայն, իւրաքանչիւր մարդ թող իր կինն ունենայ եւ կինն ալ` իր ամուսինը: Ամուսինը թող իր պոռնկութիւնը կատարէ իր կնոջ հանդէպ եւ կինն ալ` իր ամուսինին: Կինը իր մարմինին վրայ իշխանութիւն չունի, այլ ամուսինը: նմանապէս ամուսինը իր մարմինին վրայ իշխանութիւն չունի, այլ` կինը: Ուստի զիրար մի զրկէք, եթէ ոչ փոխդարձ համաձայնութեանբ եւ ժամանակի մը համար, որպէս զի աղօթքով պարապիք եւ անկէ ետք վերսկսիք հասարակաց կեանքը որպէս զի սատանան չփորձէ մեզ անժուժկալութեամբ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.