2014-01-20 10:16:31

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց սուրիական ընդդիմադիր մարմինին «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու «քաջարի ու պատմական» որոշումը


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի անդամներուն մեծամասնութիւնը Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման համար «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելուն թեր քուէարկած է:
Ըստ մարմինի մամլոյ ծառայութեան, մարմինի 73 անդամներէն 58-ն թեր քուէարկած է մասնակցելու խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 22 յունուարին` Զուիցերիոյ մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Ազգային համաձայնական մարմինի որոշումը: Արտաքին գործոց փոխնախարար Պոկտանով յայտարարեց, որ «ընդդիմութեան այս որոշումը ճիշդ որոշում մըն է»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ իր կարգին ողջունեց չորեքշաբթի օր Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու Ազգային համաձայնական մարմինի «դժուար» որոշումը` աւելցնելով, որ «որեւէ փոխզիջումային լուծում, որուն շուրջ համաձայնութիւն կը գոյանայ, կը նշանակէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար Սուրիոյ ապագային մէջ որեւէ դերակատարութիւն ունենալ»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց սուրիական ընդդիմադիր մարմինին «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու «քաջարի ու պատմական» որոշումը: Ան Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպային կոչ ուղղեց գոյացնելու պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած ըլլան ընդդիմութեան բոլոր կողմերը, ներառեալ` կիները:







All the contents on this site are copyrighted ©.