2014-01-20 09:58:29

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Ս. Յովհաննու Կարապետ»-ի Այժմէական Խրատներէն…


Սիրելի՛ ընթերցող, երեքշաբթի, յունուար 14-ին, մեր Ս. եկեղեցին կը կատարէ «տօն Յովհաննու Կարապետի»-ն, որ Հին Կտակարանի ուխտը կամրջեց Նոր Կտակարանի ուխտին հետ:
Ստուգիւ, հինէն նորին` մովսիսականէն քրիստոսականն անցնող եւ անցընող «մեծ մարգարէն», որ «կարապետ» իբրեւ` ռահվիրայ հանդիսացաւ իր ազգական Աստուածամարդուն` Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան, ինչպէս որ Յովհաննէսի մասին նախատեսած է Մաղաքիա մարգարէն. «Ահաւասիկ, Ես կը ղրկեմ պատգամաւորս Քեզմէ առաջ` պատրաստելու համար ճանապարհը Քու առջեւդ» (Մղ. 3,1):
Յովհաննէսի` զինք կնքող Մկրտիչին արտակարգ բացառիկութիւնը վեր հանեց Յիսուս. «Այո՛, կ՛ըսեմ ձեզի, մարգարէէն ալ աւելի: Կ՛ըսեմ ձեզի, կնոջմէ ծնածներուն մէջ աւելի մեծը չկայ, բայց փոքրագոյնը Աստուծոյ արքայութեան մէջ աւելի մեծ է անկէ» (Ղկ. 7,27-28):
Ճիշդ որակուած է Յովհաննէս Մկրտիչ իբրեւ «մեծ առաքեալ», «մեծ մտածող», «կորովի ու քաջ դէմք», «մեծ տեսանող» եւ «խիզախ քարոզիչ», որ «խաթարուած ընկերութեան մը իր խօսքն ուղղելով», ինչպէս երէկ, նոյնպէս այսօր, կը մնայ այն սրբակեաց ու համարձակախօս «սուրբգրային մեծագոյն դէմքը», որուն գործունէութիւնը Եսայի մարգարէն բնորոշած է այսպէս. «Անապատին մէջ ձայն մը կը հնչէ. ՛՛Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճամբան եւ հարթեցէ՛ք շաւիղները մեր Աստուծոյն՛՛» (Ես. 40,3):
Այո՛, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ներկային մէջ, այդ ազդարար եւ ուղեցոյց «ձայնը» մեզի լսել կու տայ մեր Ս. եկեղեցին, երբ այսօրուան աւետարանին ընթերցումն որոշած է Մտթ. 3,1-12 հատուածը` «Քարոզութիւն Յովհաննէս Մկրտիչին» վերտառութեամբ:
«Կարապետ»-ի «սուրբ» խիզախութիւնն ու համարձակախօսութիւնը զգենելով, ինչպէս նաեւ «ձայն բարբառոյ յանապատի» փորձառկուած ըլլալէս` մերօրեայ լեզուով կը փոխանցեմ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին քարոզութենէն եւ ապրելակերպէն կէտեր, որոնք միշտ այժմէական են ու յատկապէս այս ժամանակամիջոցին մէջ, երբ մեր շրջակայքը դարձած է ռազմաշունչ եւ մահասփիւռ:
«Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ մօտեցած է երկինքի արքայութիւնը»:
«Մի՛ գոհանաք արտաքին զգեստաւորումով եւ արդուզարդով»:
«Մի՛ այլանդակէք ձեզ շպարանային կերպարանափոխութեամբ»:
«Մի՛ կենցաղավարիք կերակուրի ու խմիչքի շուայտութեամբ»:
«Ունեցէ՛ք խոր գիտակցութիւնը ձեր մեղաւորութեան»:
«Խոստովանեցէ՛ք ձեր մեղքերն ու յանցանքները»:
«Դուք ձեզ անմեղ մի՛ համարէք եւ արդար մի՛ հռչակէք»:
«Ապաշխարեցէ՛ք եւ անոր համաձայն կեանք մը վարեցէ՛ք»:
«Դուք ձեզ արդարացնելով եւ անմեղացնելով մի՛ բաւարարուիք, որովհետեւ պիտի չկարենաք խուսափիլ Տիրոջ վերահաս բարկութենէն ու պատուհասէն»:
«Սթափեցէ՛ք ու զղջացէ՛ք, որովհետեւ ամէն ծառ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը, որ չի տար ընտիր պտուղ, պիտի կտրուի եւ կրակը նետուի»:
«Ուրեմն, այսուհետեւ ապաշխարութեան արժանի պտուղ տուէ՛ք ու մի՛ շատախօսէք` ըսելով, թէ անմեղանչական ու բարեպաշտ էք»:
«Խոնարհ ու խոնարհամիտ եղէ՛ք, որպէսզի ապաշխարէք եւ արժանանաք Ս. Հոգիին ստացումին»:
«Փարիսեցինե՜ր, ազատագրուեցէ՛ք ձեր կեղծաւորութենէն»:
«Սադուկեցինե՜ր, ձերբազատեցէ՛ք ձեր ինքնախաբէութենէն»:
«Մաքսաւորնե՜ր, մի՛ հարստահարէք ձեզի դիմողը»:
«Վարպետնե՜ր, մի՛ շահագործէք ձեր աշկերտը, աշխատաւորը»:
«Վարորդնե՜ր, մի՛ կեղեկէք ձեր յաճախորդը»:
«Խանութպաննե՜ր, մի՛ կրկնապատկէք գինը ձեր ապրանքին»:
«Վաճառականնե՜ր, մի՛ չարաշահէք ձեր առեւտուրով»:
«Բանակայիննե՜ր, մի՛ բռնանաք մարդուն վրայ»:
«Դրամատունե՜ր, մի՛ յափշտակէք ինչքերն ուրիշին»:
«Պաշտօնեանե՜ր, գոհացէ՛ք ձեր թոշակով»:
«Ղեկավարնե՜ր, ձեզի սահմանուած գումարէն աւելին մի՛ առնէք»:
«Հարուստնե՜ր, տուէ՛ք աղքատին»:
«Ունեցողնե՜ր, բաժնեցէ՛ք չունեցողին»:
«Ուտողնե՜ր, կշտացուցէ՛ք անօթին»:
«Մարդե՜ր, հաւատացէ՛ք Յիսուսին եւ պատրաստեցէ՛ք անոր ճամբան դէպի ձեր սրտերը»:
«Մարդե՜ր, պատրաստ եղէ՛ք, որովհետեւ պիտի գայ Քրիստոս` Թագաւոր-Դատաւորը, որ պիտի մաքրէ իր կալը` ստեղծած աշխարհը, պիտի ամբարէ ցորենը իր շտեմարանին` արքայութեան մէջ, իսկ յարդը պիտի այրէ անշէջ կրակին մէջ»:
Հայկազուննե՜ր, «Յովհաննէս Մկրտիչ», «Յովհաննու Կարապետ», մեր ազգին մէջ ամէնէն աւելի ժողովրդականացած սուրբերէն մին է, եւ այն` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին ժամանակէն սկսեալ:
«Ս. Կարապետ» անունին եւ զօրութեան կառուցուած մեր բազմաթիւ եկեղեցիներն ու վանքերը կը պարտադրեն մեզ անսալու անոր յորդորներուն` հայցելով «Հայոց խնկելի Աստուածածինէն», որ մեզի համար միջնորդէ իր Որդիին «կալին» ցորեն ըլլալու եւ մնալու շնորհքը` կեանքը Աստուծոյ յաւերժութեան մէջ: Ամէ՛ն:
Մեսրոպ Հայունի








All the contents on this site are copyrighted ©.