2014-01-20 10:17:55

Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները սաստիկ թափով կ՛ընթանան


Լիբանան, Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը հետզհետէ կը սաստկանան, յատկապէս Պաալ Մըհսենի եւ Թըպպանէի միջեւ:
Երեկոյեան զինեալ բախումները սաստկացան նաեւ Ռիվայի, Սթարքոյի, Օմրիի եւ այլ շրջաններուն մէջ, ուր օգտագործուեցան նաեւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր:
Զինեալ բախումները պատճառեցին երկու զոհ եւ 21 վիրաւոր, որոնցմէ երկուքը` բանակի զինուորներ, իսկ մէկը` ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ:
Լիբանանեան բանակը հակադարձեց կրակոցներուն եւ շրջուն ջոկատներով խստացուց իր հսկողութիւնը` առանց սակայն ձերբակալութիւններ կատարելու:
Նշենք, որ բանակը նախանցեալ երեկոյեան Պատտաուիի մէջ ձերբակալած էր երեք յանցագործներ:
Ձերբակալման պատճառով Պատտաուիի բնակիչները փակեցին Թրիփոլին Աքքարի կապող մայրուղին:







All the contents on this site are copyrighted ©.