2014-01-19 12:47:40

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը ''Գաղթականի եւ Ապաստանեալի Համաշխարհային 100-րդ օրուայ առթիւ։


Այսօր, կիրակի 19 յունուար կը վերակոչուի Գաղթականի եւ ապաստանեալի 100-րդ համաշխարհային օրը։ Այս համաշխարհային օրը հաստատուած է Պիոս Ժ քահանայապետէն 1914 թուականին ։Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը յղած է որպէս բնաբան ունենալով. ''Գաղթականներ եւ ապաստանեալներ` դէպի լաւագոյն աշխարհ մը''։
Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ներկայ մեր ընկերութիւնները համաշխարհականացումի փորձառութիւնը կ'ապրին, ունենալով որպէս կէտնպատակ բարւոքել մարդկային ցեղի կեանքը, ոչ միայն տնտեսապէս այլ եւ քաղաքական ու մշակութային գետնի վրայ։Ամէն անհատ կը պատկանի մարդկութեան ու կը բաժնեկցի լաւագոյն աշխարհի մը կերտումի յոյսը ։
Այս նկատումներէն մեկնելով Գաղթականի եւ ապաստանեալի համաշխարհային օրուան համար ընտրեցի հետեւեալ նիւթը. ''Գաղթականներ եւ Ապաստանեալներ` դէպի լաւագոյն աշխարհ մը''։
Արդի յեղաշրջումներու արդիւնքներէն մին` մարդկային տեղաշարժի աճումի երեւոյթը, եղաւ ''ժամանակներու նշան'' գրած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2006-ի Գաղթականի եւ ապաստանեալի համաշխարհային օրուան առթիւ։ Քրիստոնէական տեսակէտով գաղթականութեան երեւոյթէն ի յայտ կու գայ շնորհքով ու փրկչագործութեամբ դրոշմուած արարչագործութեան գեղեցկութեան` ու մեղքի խորհուրդին միջեւ լարուածութիւնը։ Զօրակցութեան ու հիւրընկալութեան եղբայրութեան եւ հասկացողութեան զգացումներուն ներհակ են մերժումն ու խտրականութիւնը, ինչպէս նաեւ, ստրկութեան ցաւի եւ մահուան շահագործումը։Ամենայն դէպս, հակառակ խոչընդոտներուն եւ արգելքներուն` բազմաթիւ գաղթականներ տոգորուած են վստահութեամբ ու յոյսով լաւագոյն ապագայ մը փնտռելով իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն համար։
Կարելի չէ զարգացումը սահմանափակել միայն ''տնտեսական'' զարգացումը հետապնդելով, առանց ուշադրութիւն դարձնելու տկարներուն եւ աղքատներուն։ Աշխարհը կարող է յառաջանալ եթէ Անհատը դառնայ սկսզբնական ուշադրութեան կեդրոն եւ երբ անհատի զարգացումը ամբողջական է իր բոլոր չափանիշերով ներառեալ հոգեւոր։ Եւ երբ անտեսութեան մշակոյթէն անցնինք հիւրընկալութեան եւ հանդիպումի մշակոյթի։
Աշխարհի դէպի ժամանակակից Գաղթականութեան երեւոյթը, հարկ է դիմագրաւել նոր` ազդու եւ հաւասար տեսութեամբ,որ կը պահանջէ միջազգային համագործակցութիւն եւ զօրակցութեան ու արգահատանքի հոգի։ Լաւագոյն աշխարհի մը կերտումի համար միասնաբար աշխատիլը կը պահանջէ փոխադարձ օգնութիւն։Ոչ մէկ երկիր կարող է առանձին դիմագրաւել այդ երեւոյթին հայող դժուարութիւնները, քանի արտագաղթի եւ ներգաղթի իրողութիւնը տարածուած է բոլոր ցամաքամասերուն մէջ ։
Իր պատգամին մէջ հուսկ Քահանայապետը միջազգային հասարակութենէն կը խնդրէ ձերբազատուիլ գաղթականներու հանդէպ ունեցած նախապաշարումներէն ու անհասկացողութիւններէն։ Հարկաւոր է դիրք փոխել գաղթականներու նկատմամբ - կը գրէ Ան - ամէնքս կանչուած ենք ''թօթափել մերժումի մշակոյթը'' եւ ընդգրկել ''հանդիպումի մշակոյթը'', միակը որ կարող է կերտել աւելի արդար ու եղբայրական աշխարհ մը։ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղելով Հաղորդակցութեանց միջոցներու աշխարհին կ՛ընգծէ անոնց գործունէութեան կարեւորութիւնը որ ''իրենց կարգին կանչուած են փոխելու իրենց դիրքը ու նպաստելու գաղթականներու հիւրընկալութեան հոգիին''։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա կ՛ակնարկէ Նազարէթի ս. Ընտանիքի ապրած մերժումի փորձառութեան։ ''Մարիամ, կը պատմէ Ղուկաս աւետարանիչը, ծնաւ իր անդրանիկ որդին, փաթթեց խանձարուրով ու դրաւ մսուրին մէջ, որովհետեւ իջեւանի մէջ տեղ չկար անոնց համար''։ Աւելին` Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփը, Հերովդէսի իշխանութեան սպառնալիքէն ազատելու համար, գաղթականի հոգեվիճակը ապրեցան եւ ապաստանեալի փորձառութիւնը ունեցան, Եգիպտոսի մէջ ապաստան փնտռելով։ Սակայն Մարիամի մայրական սիրտը եւ Յովսէփի` նախատեսող սիրտը, վստահ էին որ Աստուած զիրենք պիտի չթողուր։ Անոնց բարեխօսութեամբ, թող գաղթականի ու ապաստանեալի սրտին մէջ անսասան մնայ վստահութիւնը Աստուծոյ հանդէպ։
Համապատասխանելով Քրիստոսի տուած հրամանին. ''Գացէք ուրեմն աշակերտեցէք բոլոր ազգերը'' Եկեղեցին կանչուած է ըլլալու Աստուծոյ ժողովուրդը որ կ' ողջագուրէ բոլոր ազգերը, եւ բոլորին կը քարոզէ Աւետարանը, քանի ամէն անձի դէմքին վրայ դրոշմուած է Քրիստոսի դէմքը եւ հոն է որ կը գտնենք մարդ էակի արժանաւորութեան ամենախոր արմատը, որ կանչուած ենք յարգել ու պաշտպանել։ Հետեւաբար մարդու արժանաւորութիւնը կախում չունի անոր դիրքէն ու պատկանելիութենէն այլ պարզապէս որովհետեւ ան ստեղծուած է ''Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն'' եւ աւելին` որովհետեւ ան Աստուծոյ զաւակն է։ Ամէն մարդ էակ Աստուծոյ զաւակ է ու Քրիստոսի դէմքը դրոշմուած է անոր մէջ։Ահա թէ ինչու համար կանչուած ենք գաղթականը ու ապաստանեալը չնկատել որպէս հարց, այլ որպէս հիւրընակլիք եղբայրն ու քոյր, արժանի յարգանքի ու սիրոյ որպէսզի սատարենք աւելի արդար ընկերութեան մը, աւելի զօրակից Երկրի մը եւ աւելի եղբայրակից աշխարհի մը կերտումին ու նաեւ, Աւետարանին հետեւելով` քրիստոնէական բաց հասարակութեան մը զարգացումին։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ' եզրափակէ իր խօսքը ուղղելով գաղթականին ու ապաստանեալի ըսելով. ''մի կորսնցնէք ձեզի վերապահուած ապահով ապագայի յոյսը, ձեր արահետին կարողանաք հանդիպիլ օգնելու պատրաստակամ եղբօր մը, եւ կարենաք փորձարկել եղբայրական զօրակցութիւնն ու ջերմ բարեկամութիւնը։ Ձեզի բոլորիդ ու անոնց որ իրենց կեանքն ու կորովը կը նուիրեն ձեզի կ՛ապահոցնեմ աղօթքս եւ սրտաբուխ կը ջամբեմ առաքելական օրհնութիւնս։







All the contents on this site are copyrighted ©.