2014-01-19 12:57:25

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


Վատիկան։ Կիրակի 19 սեպտեմբեր, կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ կատարած իր խորհրդածութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանեց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը որ կը խօսէր Յիսուսի` Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի հետ ունեցած հանդիպումի մասին Յորդանան գետնի ափին։ Մեկնաբանելով ընթերցումը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հարց տուաւ ''ի՞նչ կը նշանակէ, Եկեղեցւոյ համար այսօր, Գառն Աստուծոյ աշակերտել'', ու պատասխանեց ''կը նշանակէ չարամտութեան տեղ դնել անմեղութիւն, ուժին տեղ սէր, հպարտութեան տեղ հեզութիւն եւ հեղինակութեան տեղ ծառայութիւն։
Գառն Աստուծոյ աշակերտներ ըլլալ` կը նշանակէ ''պատսպարուած քաղաքի'' նման չ՛ապրիլ, այլ ըլլալ բաց, հիւրընկալ եւ զօրակից։ Կը նշանակէ Աւետարանը առաջարկել բոլորին մեր կեանքով վկայելով Յիսուսին մեր հետեւիլը, որ մեզ աւելի ազատ եւ ուրախ կը դարձնէ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ու ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոսի վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները, ականարկելով ''գաղթականին եւ ապստանեալի համաշխարհային 100-րդ օրուան'' որուն յիշատակութիւնը կը նշուի այսօր եւ որուն առթիւ Քահանյապետը` անցեալ 24 սեպտեմբեր 2013-ին, հրատարակած էր պատգամ մը ''դէպի լաւագոյն աշխարհ մը'' բանբանով։
Յատուկ ողջոյն մը կ՛ուղղեմ զանազան ցեղերու պատկանող ներկայ հասարակութիւններուն եւ յատուկօրէն Հռոմի կաթողիկէ հասարակութիւններուն - ըսաւ Քահանայապետը ու ապա նշեց թէ ''անոնք մօտիկ են Եկեղեցւոյ սրտին որ կ՛ընթանայ դէպի Աստուծոյ Արքայութիւնը''։ ''Մի կորսնցնէք աւելի բարգաւաճ ապագայի յոյսը – հրաւէր ուղղեց Սրբազաբ Հայրը ու աւելցուց - Ձեզի կը մաղթեմ որ խաղաղութեամբ ապրիք ձեզ հիւընկալող երկիրներուն մէջ, ու պահպանէք ձեր հայրենական մշակոյթները։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը, դժուար եւ տագնապալից վիճակի մէջ ապրող բոլոր գաղթականներու դիտաւորութեան։
Ողջունելէ ետք ապա հրապարակը գտուող ուխատւորներու մի քանի խումբեր, Քահանայապետը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ բարի ախորժակ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.