2014-01-18 11:50:54

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կը բաղձայ քահանայապետական դիւանագիտութիւն մը կեդրոնացած մարդու վրայ:


''ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար եկեղեցւոյ միսիոնարական յեղաշրջումը առաջնահերթութիւն է''։


Գերապայծառ Փիեդրօ Փարոլին, որ անցեալ հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ Ս. Աթոռի պետական քարուղարութիւնը ստանձնած է, Վատիկանի հեռուստատեսիլի հետ ունեցած ելոյթով մատնանշած է որ ''եկեղեցւոյ միսիոնորական յեղաշրջումը'' ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար առաջնաէերթութիւն է։
Քահանայապետին առաջին գործակիցը մաղթած է որ քահանայապետական դիւանագիտութիւնը ըլլայ միշտ աւելի մարդկայնական։ Ան յայտնած է որ այս ծառայութիւնը բծախնդիր է ու պատասխանատուութեամբ լի։ Վենիզուելայի երբեմնի դեսպանը` խօսելով իր գործունէութեան մասին` ըսած է ''իմ սպասարկութիւնս կը կայանայ նախ եւ առաջ եկեղեցւոյ միսիոնորական յեղաշրջումով, այսինքն Եկեղեցւոյ բոլոր կառոյցներուն բարենորոգումով ու բարեփոխումով, ներառեալ Վատիկանի վերին կառավարութիւնն ու եկեղեցական դիւանագիտութիւնը։ `
Ս. Աթոռի նոր քարտուղարին համար Վատիկանի դիւանագիտութեան դերը կը կայանայ քաջալերել ու ամրապնդել երկխօսութիւնն ու հանդիպումը։ Այդ դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ մարդկայնական ու կեդրոնացած մարդու վրայ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը խթանէ մեզ կեդրոնանալու մարդու վրայ եւ ի մասնաւորի աղքատներու, անպաշտպաններու եւ անզօրներու վրայ։
Գերապայծառ Փարոլին ընդգծեց որ Սուրիոյ խաղաղութեան համար անցեալ սեպտեմբեր 2013-ին կայացած աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրը, հանդիսացաւ Վատիկանի նոր դիւանագիտութեան որպէս ազդու օրինակ ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կարողացաւ մեկնաբանը հանդիսանալ խաղաղութեան կանչին որ կը բարձրանար սուրիացի տառապեալ բնակիչներու սրտէն։ Այդ օրը տուաւ իր պտուղը եւ ի յայտ բերաւ Ս. Աթոռի գործունէութեան բարոյական ու հոգեւոր արժէքի ոյժը։
Գերապայծառ Փարոլին ապա յայտնց որ քահանայապետական դիւանագիտութիւնը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի հարաւային աշխարհին, նոյնպէս եւրոպական ցամաքամասին։ Պետական քարտուղարը մատնանշեց նաեւ Ս. Աթոռի բերած սատարին ''եւրոպական տան կերտումին'' ծիրէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.