Հայկական Երաժշտութիւնը՝ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանին Մէջ
Յունուար 22-ին Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն արուեստի թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի հայ
դասական եկեղեցական երաժշտութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ ArmenianWeekly-ն: Բրիտանական
The Hilliard Ensemble վոկալ քառեակը պիտի ներկայացնէ «Արխանկէոս, երաժշտութեան հազարամեակը»
ծրագիրը: Ծրագիրը կը ներառէ նաեւ ժամանակակից հայկական հատուածներ, ինչպէս՝ «Ով զարմանալի»,
«Ամէն, հայր սուրբ», «Սուրբ Տէր Զօրութեանց» եւ այլ ստեղծագործութիւններ: The Hilliard
Ensemble քառեակը երկար տարիներու բարեկամական կապ ունի Հայաստանի եւ հայկական երաժշտութեան
հետ: 2004-ին Հայաստանի մէջ ձայնագրած է Կոմիտասի մշակումով շարականներու կատարումը հայ
երաժիշտներու հետ: Ձայնագրութիւնները իրականացած են 13-րդ դարուն կառուցուած Սաղմոսավանքին
մէջ: