Լեհերը Օշուիցի ճամբարին համար փոխհատուցում կը պահանջեն
«Եուրօմակ» կը հաղորդէ, որ նացիներուն կողմէ Օշուիցի մէջ համակեդրոնացման ճամբարի կառուցման
պատճառով իրենց կալուածները կորսնցուցած լեհերը փոխհատուցում կը պահանջեն: Շուրջ 300
ընտանիքներ, որոնք նախապէս իրենց կորսնցուցած տուներուն եւ հողատարածքներուն համար Գերմանիոյ
իշխանութիւններէն փոխհատուցում չեն պահանջած, այժմ դիմած են լեհական կառավարութեան` պահանջելով,
որ իւրաքանչիւր ընտանիքի 13 հազար տոլար վճարէ: Կառավարութեան դիմածներուն մեծ մասը
տարեցներ են, որոնք կը նշեն, որ իրենք դեղեր գնելու համար բաւարար միջոցներ չունին: