2014-01-17 13:05:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խօսքը Ֆինլանտայցի համամիութենական պատուիրակութեան։


Համամիութիւնը հոգեւոր գործընթացք մըն է որ կ՛իրագործուի Հօր հաւատարիմ հպատակութեամբ եւ կատարելով Քրիստոսի կամքը Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ։

Սուրբ Հէնրիկոսի տօնին առթիւ, իր գրասենեակի մէջ ընդունելով, Ֆինլանտայէն ժամանած համամիութենական պատուիրակութիւն մը, Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ուղղած իր ճառը սկսաւ Պօղոս առաքեալի Հռոմէացիներու ուղղած խօսքով ''Ձեզի` շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ, մեր Հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ''։ ''Ձեզի կը փոխանցեմ իմ ջերմ ողջոյններս, այնպէս ինչպէս ըրին իմ նախորդներս, 25 տարիներու ընթացքին'', ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով Սուրբ Պօղոսի Կորընթացիներուն ուղղած հարցումին ''Արդեօք Քրիստոս բաժնուեցա՞ւ'', հարցում մը որ այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ բնաբանն է, որ սկիզբ կ՛առնէ վաղը (18 յունուար)։
Այս հարցումը – յարեց Նորին Սրբութիւնը – ուղղուած է նաեւ մեզի որ կանչուած ենք չպակսեցնելու համամիութեանկան ուղղութեամբ ջանքերը, հաւատարիմ մնալով մեր Տիրոջ Յիսուսի` իր Հօր ուղղած պաղատանքին` ''Որպէսզի ամէնքը մի ըլլան''։
Ներկայ ժամանակներուն, համամիութեանկան ուղեւորութիւնը եւ քրիստոնեաներու միջեւ յարաբերութիւնները իմաստալից փոփոխութիւններ կ՛ենթարկուին, եւ այս յառաջ կու գայ բազմազան մշակոյթի ընկերութեան մը մէջ մեր հաւատքը դաւանելու հետեւանքով, ուր միշտ աւելի նուազ տեղ կը գրաւէ Աստուած եւ գերբնական կեանքի ծաւալը։ Այս նկատելի է մանաւանդ Եւրոպայի մէջ – նկատել տուաւ Քահանայապետը - Ասոր համար հարկաւոր է որ մեր քրիստոնէական վկայութիւնը կեդրոնանայ մեր հաւատքի կեդրոնականութեան վրայ որ է ''Աստուծոյ սիրոյ հռչակումը որ յայտնուեցաւ Քրիստոսի իր Որդւոյն միջոցաւ''։
Համամիութիւնը հոգեւոր գործընթացք մըն է որ կ՛իրագործուի Հօր հաւատարիմ հպատակութեամբ եւ կատարելով Քրիստոսի կամքը Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ։ Առանց վհատելու հայցենք ուրեմն Աստուծոյ շնորհքը եւ Սուրբ Հոգւոյն լուսաւորութիւնը որ մեզ կ՛առաջնորդէ ամբողջական ճշմարտութեան որ հաշտութեան եւ հաղորդութեան բանբեր է։ Վերանորոգելով իմ բարի գալուստի ջերմ ողջոյնս ձեր ու Ֆինլանտացի Քրստոսնեաներու ու ձեր երկրին վրայ կը հայցեմ Աստուծոյ Օրհնութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.