2014-01-17 12:55:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։ Հանդիպում Վատիկանի պարտիզպաններուն հետ։


Ուրբաթ, 17 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Սուրբ Հէնրիկոսի տօնին առթիւ, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Ֆինլանտայէն ժամանած համամիութենական պատուիրակութիւն մը, ապա ժամը 11-ին ընդունեց Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետկան Խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Քիւրդ Քոխը, որմէ ետք, ընդունեց Վենեզուելլայի մօտ Սուրբ Աթոռի նորանշանակ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Ալտօ Ճորտանոն ու անոր ընտանեկան պարագաները։
Ժամը 11.45-ին, Սրբազան Հայրը ընդունեց Միլանոյի Թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Անճելօ Սքոլայի գլխաւորած Միլանոյի ''Էքսփօ 2015'' –ի մէկ պատուիրակութիւնը, հուսկ ժամը 12-ին, Քլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Առաքելական Տան պարտեզպաններուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ՝ անոնց փոխանցելով բարեմաղթութիւններ։
''Այս ամիսներուն ընթացքին, անդրադարձայ ձեր թանկագին աշխատանքի կարեւորութեան'', ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ ակնարկեց անոնց աշխատանքային գործունէութեան ինչպէս ''Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ՝ աթոռներ շարելը, կամ ալ Քահանայապետական Տան զարդարանքն ու տնային գործերը ապահովցնելը'' ու աւելցուց ''ձեր գործունէութիւնը՝ յանձնառում, նուիրում եւ համբերութիւն կը պահանջէ'' ու քաջալերեց զանոնք ''շարունակել հաւատարմութեամբ կատարել իրենց յանձնուած պարտականութիւնները, համերաշխ եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ''։ Հուսկ բոլորին վրայ հայցեց Սուրբ Յովսէփի հովանին ու անոնց ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.