2014-01-17 10:30:55

''Խաղաղութեան քամի Սուրիոյ ընտանիքներուն''


Ի տես յառաջիկայ 22 յունուարին կայանալիք ''Ժընեւ 2'' բանակցութիւններուն, նախաձեռնուած է արշաւ մը հանրութեան ուշադրութիւնը դարձնելու սուրիացի ընտանիքներու ապրած տագնապալից իրավիճակին։
Շաբաթ 18 եւ կիրակի 19 յունուարին, Իտալիոյ ոտնագունդի կարեւորագոյն 10 մարզադաշտերու մէջ, ոտնագունդի շաբաթական մրցոյթի ընթացքին, պիտի զետեղուին ''Խաղաղութեան քամի Սուրիոյ ընտանիքներուն'' գրութեամբ հսկայական պաստարներ։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը կազմկերպուած է Իտալիոյ Գարիդասի եւ Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի համագործակցութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.