2014-01-16 13:26:12

Ս. Աթոռը եւ մանուկներու իրաւունքի համաձայնագիրը։


Մանուկներու իրաւունքի համայաձնագիրը ստորագրուած է Ս. Աթոռէն 20 նոյեմբեր 1989-ին եւ ի զօրու դարձած սեպտեմբեր 1990ին։
Այդ համաձայնագրին յարած են 193 պետութիւններ։ Համաձայնագիրը կը նպատակադրէ պահպանել մանուկները վտանգներէն ու անոնց ապահովել եւ ի վեր դասել անոնց բարրօրութիւնը։ Այդ երաշխաւորելու համար, ՄԱԿը, չորս տարուայ տեւողութեամբ, 18 անդամներէ մասնագէտներու կոմիտէ մը կ'ընտրէ, հսկելու մանուկներու իրաւունքներուն վրայ։ Կոմիտէի աթոռը Ժընեւ կը գտնուի։ Ամէն տարի, իւրաքանչիւր անդամ պետութիւն, կոմիտէին կ'ուղարկէ տեղեկագիր մը։ Կարդալով Ս. Աթոռի տեղեկագիրները ի յայտ կու գայ որ Կաթողիկէ Եկեղեցին մեծ յանձնառութեամբ կը գործէ մանուկներու բարրօրութեան առողջութեան, դաստիարակութեան ու կրթութեան մարզերէն ներս իր սատարը բերելով ոչ միայն ընտանիքներուն այլ եւ գաղթական ու փախստական մանուկներուն։ Ասկէ ի յայտ կու գայ թէ ինչպիս՜ի խանդավառութեամբ ու համոզումով Ս. Աթոռը անդամակցեցաւ մանուկներու իրաւունքի համաձայնագրին։ Մանկամոլներու հարցը եկեղեցւոյ մէջ մեծապէս ցաւ կը պատճառէ քրիստոնեայ հասարակութեան սակայն ասիկա չի կրնար մթագնել կաթողիկէ եկեղեցւոյ տածած աշխատանքը մանկութեան ի խնդիր – յայտարարած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։ Իսկ Սուրբ Աթոռի ՄԱԿի մօտ մնայուն դետը զեկոյցի մը ընթացքին հաստատած է թէ ''Կաթողիկէ Եկեղեցին կ՛ուզէ օրինակ հանդիսանալ մանուկներու պաշտպանութեան գործունէութեան ծիրեն ներս''։







All the contents on this site are copyrighted ©.