2014-01-16 10:21:48

Հանդիպում՝ Պաշշար Ասատ եւ Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ


Չորեքշաբթի, 15 յունուարին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ դամասկոսի մէջ ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆը։
Հանդիպումին ընթացքին Ասատ անդրադառնալով երկրին ներկայ կացութեան, մտահոգութին յայտնած է ''ուահապական գաղափարականներու վտանգին'' եւ զգուշացուցած` թէ այս վտանգը ոչ միայն Սուրիոյ եւ շրջանի երկիրներու մէջ սկսած է այլեւ ամբոջ աշխարհին մէջ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ իր կարգին յատնած է, թէ Իրան նախանձախնդիր է շրջանի երկիրներու ջանքերը միացնելու առընչութեամբ, պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ եւ շրջանի մէջ ապահովութիւն հաստատելու։
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է , թէ Իրան պիտի ջանայ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յաջողցնել:







All the contents on this site are copyrighted ©.