2014-01-16 10:19:38

''Իրանի դերակատարութիւնը հիմնական է ''Ժընեւ2'' վեհաժողովին'' յայտարարած է Պան Քի Մուն


Չորեքշաբթի, 15 յունուար, Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ սուրիացի գաղթականներու նուիրատու երկիրներու ժողովը, մասնակցութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Պան Քի Մունի։
Ժողովին ընթացքին, ԱԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ՝ ժողովականներու ուղղած խօսքին մէջ, յայտնեց Իրանի դերակատարութինը Սուրիոյ տագնապի լուծման համար եւ զօրակցութիւնը` Իրանի ''Ժընեւ2'' ժողովին մասնակցութեան։
Պան Քի Մուն անդրադառնալով Սուրիոյ ներկայ իրավիճակի մասին յայտնեց, թէ «Սուրիոյ բնակչութեան կէսը, այսինքն` շուրջ 9 միլիոն մարդ օժանդակութեան կարիք ունի»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտարարած է Թէ«Կը խոստանանք տագնապին վերջ տալ դիւանագիտական լուրջ աշխատանքի ճամբով»` նշելով, որ «Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը ոչ միայն մարդասիրական ջանքերու ճամբով, այլ նաեւ բոլոր ձեւերով»:







All the contents on this site are copyrighted ©.