2014-01-16 13:18:33

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կոչը վերջ տալու Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը միջազգային հասարակութեան միջամտութեամբ կը խնդրէ որ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի, վերջ տրուի ցեղային բնոյթ ունեցող եղբայրասպան բախումներուն։ Հարաւային Ափրիկէի կրօնապետերը իրենց խոր ցաւը կը յայտնեն այս եղբայրասպան պատերազմին ի տես, որ կարող է ծունկի բերել նորահաստատ, երկու ու կէս տարեկան, հանրապետութիւնը։
''Մենք համոզուած ենք որ կը կազմենք մէկ ազգ, միացեալ ժողովուրդ մը, յոյսի ու հաւատքի մէջ, եւ օրհնուած Աստուծմէ, հակառակ մեր տարբերութիւններուն'', կը կարդանք պատգամին մէջ։
Կրօնապետերը կը խնդրեն որ վար առնուին զէնքերը եւ թոյլ տրուի մարդասիրական օգնութիւններու բաշխումին եւ վիրաւորեալներու խնամատարութեան։ Կրօնապետերը միջազգային հասարակութենէն կը խնդրեն որ բազմապատկեն իրենց ջանքը ընդհարումի խաղաղ լուծման ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.