2014-01-15 12:35:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց Լատին Ամերիկիոյ Քահանայապետական յանձնախումբը եւ նորոգեց Վատիկանի դրամատան հսկողութեան Կարտինալական Խորհուրդի անդամները։


Չորեքշաբթի, 15 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի բոլոր անդամները, սկսեալ յանձնախումբի նախագահէն` Կարտինալ Մարք Ուելլէէն եւ յանձնախումբի քարտուղար` Փրոֆ. Կուզման Քարրիքիրիէն։ Նորին Սրբութիւնը ապա յանձնախումբի խորհրդատուներու շարքին նշանակեց` գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսէրին` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը։

Ֆանչիսկոս Պապը ապա վերանորոգեց Վատիկանի դրամատան հսկողութեան Կարտինալական Խորհուրդի անդամները յանձինս` Ծիրանաւոր Կարտինալներ` Քրիստոֆ Շոնպորնի, Վիէնի Արքեպիսկոպոս, Թովմաս Քրիստոֆէր Գոլլինզի, Թորոնթոյի Արքեպիսկոպոս, Ժան Լուի Թոռանի, միջկրօնական յարաբերութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, Սանթոս Ապրիլ Ի Գասդելլօյի, Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի վիճակաւոր եւ Վատիկանի Պետքարտուղար գերապայծառ Փիէդրօ Փարոլինի զոր Փետրուար ամսուայ ընթացքին պիտի ընդունի կարտինալական տիտղոսը։







All the contents on this site are copyrighted ©.