Տնտեսական ազատութեան ցանկին մէջ Հայաստան 18-րդն Է Եւրոպական 43 երկիրներու մէջ
«Տը Հերիթէյճ Ֆաունտէյշըն» ֆոնտը եւ «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» ամսագիրը հրապարակած են «Տնտեսական
ազատութեան ցանկ-2014» զեկոյցը, որուն մէջ Հայաստան կը գրաւէ 41-րդ դիրքը 178 երկիրներու
մէջ եւ 18-րդ դիրքը՝ 43 եւրոպական երկիրներու շարքին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը: Ցանկի
կազմութեան 20-ամեայ պատմութեան ընթացքին Հայաստան 267 միաւորով բարելաւած է իր տնտեսական
ազատութեան գնահատականը: Անիկա բարելաւումներ արձանագրած է տասը «ազատութիւններէն» ութին
մէջ, որոնց կարգին՝ դրամավարկային ազատութիւնը, ելեւմուտքի կառավարման ազատութիւնը, առեւտուրի
ազատութիւնն ու ֆինանսական ազատութիւնը: Հայաստանի 2014-ի ցուցանիշը եղած է 68.9 միաւոր՝
վերջին տարուան ընթացքին նուազելով 0.5 կէտով, որ զեկոյցի հեղինակները կը բացատրեն «ներդրումներու,
գործարարութեան եւ հարկային ոլորտի որոշակի վատթարացմամբ»: Ցանկին համաձայն՝ վերջին տասնամեակին
Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է տնտեսութեան բազմազանութեան եւ աղքատութեան նուազեցման
առումով: Հայաստանի տնտեսութիւնը գնահատուած է «չափաւոր ազատ»: Հայաստանի մէջ տարեկան
միջին եկամուտը 5838 տոլար է, գնաճը՝ 2.5 տոկոս: Այնուամենայնիւ, զեկոյցի հեղինակները
փաստած են, որ Հայաստանը պիտի հանդիպի մեծ դժուարութիւններու՝ տնտեսութեան հետագայ ամրապնդման
ճամբուն վրայ: «Գոյքային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ փտածութենէն պաշտպանուածութեան
բաղադրիչը բաւական ցած է համաշխարհային չափանիշներէն, եւ իրաւական դաշտը տակաւին տկար
է»,- նշուած է զեկոյցին մէջ։