2014-01-15 13:25:07

''Հրեայ - Կաթողիկէ երկխօսութիւնը ''Նոսդրա Աէդադէ'' դաշնագիրէն 50 տարի ետք''` Ռաբունապետ Աբրահամ Սքորքայի դասախօսութիւնը


Հինգշաբթի, 16 յունուարի, երեկոյեան ժամը 6,00 ին, Հռոմի Քահանայապետական Կրէկորիանա համալսարանի դահլիճին մէջ, տեղի կ'ունենայ, Աբրահամ Սքորքա ռաբունապետի դասախօսութիւնը՝ ''Հրեայ - Կաթողիկէ երկխօսութիւնը ''Նոսդրա Աէդադէ'' դաշնագիրէն 50 տարի ետք''խորագիրով։
Դասախօսութեան երեկոն կը նախագահէ Կարտինալ Քիւրտ Քոխը` Հրեաներու հետ կրօնական կապերու Քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ։
Աբրահամ Սքորքա ռաբունապետը տեսուչն է Պուէնոս Այրէսի Ռաբունապետաց
դպրեվանքին եւ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի հետ միասնաբար, հեղինակն է ''Երկինք եւ Երկիր'' գիրքին որ արդիւնքն է հոգեւոր զրոյցներու՝ կեանքի հիմնական հարցերու շուրջ։
Յաւարտ դասախօսութեան, նախատեսուած է մամուլին հետ հանդիպում զոր կը վարէ ''Կարտինալ Պէա''անուն հրէականւ ուսմունքի կեդրոնի տնօրէն` Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, հայր Ֆիլիփ Ռէնչէս-ի։







All the contents on this site are copyrighted ©.