Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Չինաստան համաշխարհային առեւտուրի ծաւալներով շրջանցած է միացեալ
նահանգները
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը գրէ, որ Չինաստան 2013-ի արդիւնքներով առաջին անգամ ըլլալով համաշխարհային
առեւտուրին մէջ յառաջատար դարձած է` շրջանցելով Միացեալ Նահանգները եւ տարին աւարտելով
առեւտուրի մրցանշային ցուցանիշներով: Օրաթերթին տեղեկութիւններուն համաձայն, անցեալ
տարի Չինաստանի ներածման եւ արտածման ընդհանուր ծաւալը կազմած է 4.16 եռիլիոն տոլար`
2012-ի համեմատ 7.6 առ հարիւրի աճ արձանագրելով: Միացեալ Նահանգներու նոյն ցուցանիշները
յայտնի պիտի դառնան փետրուարին, սակայն ըստ տարուան 11 ամիսներու տուեալներուն, Միացեալ
Նահանգներու ներածման եւ արտածման ընդհանուր ծաւալը կազմած է 3.57 եռիլիոն տոլար: Ասիկա
կը վկայէ, թէ Չինաստան Միացեալ Նահանգներէն յառաջ անցած է եւ դարձած աշխարհի մեծագոյն
առեւտրական երկիրը