2014-01-15 11:21:18

Զրոյց յիսունութերորդ – Ներմուծման խորհուրդները – 5


ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Հարցում թիւ 212. Ի՞նչ անուններ կը տրուին Յիսուսի ճաշին մեր հետ եւ ի՞նչ է անոնց իմաստը։
Զանազան անուններ տրուած են Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին, զգալի դարձնելու համար այս զոհին հարստութիւնը. Սուրբ պատարագ, պատարագի զոհ, Տիրոջ ընթրիք, հացի բեկանում, գոհաբանական հաւաքոյթ, յիշատակարան տանջանաց, մահուան եւ յարութեան, սուրբ եւ աստուածային ծիսակատարութիւն, սուրբ խորհուրդներ, սուրբ Հաղորդութիւն։
Սուրբ զոհ, սուրբ պատարագ, պատարագի զոհ.
Քրիստոսի միակ զոհը, որ կը կատարելագործէ եւ կը գերազանցէ բոլոր զոհերը, ներկայ է սուրբ պատարագի ծիսակատարութեան ընթացքին։ Եկեղեցին եւ հաւատացեալները կը միանան իրարու իրենց յատուկ նուիրումով Քրիստոսի զոհին։ Պատարագ բառը լատինական լեզուով (Missa, որ կը նշանակէ առաքելութիւն) կու գայ պատարագի վերջին օրհնութեան ժամանակ արտասանուած Ite missa est նախադա­ սութենէն, որ կը նշանակէ. Գացէք հիմա, առաքելութեան ղրկուած էք։
Տիրոջ ճաշ.
Ամէն պատարագի արարողութիւն միշտ եւ ամէն անգամ կը պատկերացնէ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքը, զոր կատարեց իր աշակերտներուն հետ. Միեւնոյն ատեն ան նախաճաշակն է այն ճաշկերոյթին զոր Տէրը պիտի տայ աշխարհիս վերջը` փրկուած մարդկութեան։ մենք մարդիկս չենք որ կը կատարենք պատարագը, այլ Տէրն է որ մեզ կը կոչէ պատարագի եւ ինք հոն ներկայ է խորհրդաւոր կերպով։
Հացի բեկանում.
Հացի բեկանումը հին արարողութիւն մըն էր, յատուկ հրէական ճաշերուն, զոր Յիսուս օգտագործեց վերջին Ընթրիքի պահուն, որպէսզի յայտնէր թէ ինքզինք կը յանձնէր մեր բոլորին համար (Հռոմայեցւոց 8,32)։ Իր յարութենէն ետք` աշակերտները զիրար կը ճանչնային հացի բեկանումով։ Հացի բեկանումի այս արտայայտութեամբ է որ առաջին քրիստոնեաները կը նշէին իրենց ծիսական արարողութիւնը` վերջին Ընթրիքը յիշեցնող։
Գոհաբանական հաւաքոյթ.
Տիրոջ ճաշկերոյթին արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ նաեւ հաւատացեալներու հաւաքոյթի ընթացքին, որոնք շնորհակալութիւն կը յայտնեն. Եկեղեցւոյ տեսանելի մէկ արտայայտութիւնն է այս։
Յիշատակարան Տիրոջ չարչարանքին, մահուան եւ յարութեան.
Սուրբ Պատարագի արարողութեան միջոցին` հաւաքուած ժողովուրդը ինքզինք չէ որ կը մատուցանէ, այլ կը նշէ եւ կը կատարէ միշտ Յիսուսի աժմէական փրկարար անցքը դէպի կեանք, իր մահուամբ ու յարութեամբ։
Սուրբ եւ աստուածային ծէս, սուրբ խորհուրդներ.
Սուրբ Պատարագի զոհը կը միացնէ երկնքի եւ երկրի Եկեղեցին մէկ տօնակատարութեան մը մէջ. Նաեւ կ՛ըսենք Ամենասուրբ Խորհուրդ, որովհետեւ հաղորդութեան ընծաները, որոնց մէջ ներկայ է Յիսուս, կերպով մը աշխարհի վրայ եղած ամենասուրբ բաներն են։
Սուրբ Հաղորդութիւն.
Կը խօսուի նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան մասին որովհետեւ պատարագի ընթացքին` կը միանանք Քրիստոսի եւ իրմով` կը միանանք իրարու։

Հարցում թիւ 213. Որո՞նք են Սուրբ Պատարագի էական մասերը։
Բոլոր սուրբ Պատարագը (գոհաբանական ծիսակատարումը) երկու մասերէ կը բաղկանայ. Խօսքի ծիսակատարումը եւ բուն պատարագի ծիսակատարումը։
Խօսքի ծիսակատարումի ընթացքին` Աստուած կ՛ուզէ մեզի խօսիլ եւ մենք մտիկ կ՛ընենք Հին եւ Նոր Կտակարանէն ընթերցումներու, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աւետարանին։ Նաեւ ժամանակն է քարոզին եւ աղերսանքներուն` բոլոր մարդոց համար։ Գոհաբանական ծիսակատարումը որ կը հետեւի անոր` կ՛ընդգրկէ հացի եւ գինիի ընծայումը, ապա` անոնց սրբագործումը եւ ի վերջոյ`հաղորդութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.