2014-01-15 10:35:55

Եգիպտոսի նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէն այսօր կ՛աւարտի


Եգիպտացիները այսօր կը շարունակեն մասնակցիլ Եգիպտոսի նոր սահմանադրութեան շուրջ կատարուող երկօրեայ հանրաքուէին, որ ընթացք առաւ երէկ եւ կրնայ կանխահաս ընտրութիւններու ճամբան հարթել:
Հանրաքուէին նպատակը պաշտօնազրկուած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի օրով որդեգրուած սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է: Եգիպտական բանակը Մուրսիի պաշտօնազրկումին օրինականացման համար «Այո»-ի ջախջախիչ յաղթանակ մը կ՛ուզէ:
Շուրջ 160 հազար զինուորներ եւ 200 հազար ոստիկաններ երկրին տարածքին կը հսկեն քուէարկութեան ապահովութեան:
Քուէարկութեան ընթացք առնելէն կարճ ժամանակ ետք Գահիրէի Իմպապա շրջանին մէջ դատարանի շէնքի մը մօտ պայթում մը տեղի ունեցաւ, սակայն մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:
Բանակի հրամանատար զօր. Ապտել ֆաթթահ Սիսի այցելեց Գահիրէի հիւսիսը գտնուող քուէարկութեան կեդրոն մը եւ այդտեղ գտնուող պահակներուն թելադրեց. «Լա՛ւ աշխատեցէք: Հանրաքուէին ամբողջովին ապահով ըլլալը կ՛ուզենք»:
Ըստ նոր սահմանադրութեան, նախագահը կրնայ երկու իրերայաջորդ քառամեայ նստաշրջան պաշտօնավարել եւ կրնայ խորհրդարանին կողմէ պաշտօնազրկուիլ: Իսլամութիւնը կը շարունակէ պետական կրօնը ըլլալ, սակայն անոր մէջ հաւատքի բացարձակ ազատութիւն կայ եւ փոքրամասնութիւններուն որոշ պաշտպանութիւն կու տայ, պետութիւնը «այր մարդոց եւ կիներու հաւասարութիւնը կ՛երաշխաւորէ», կուսակցութիւնները կարելի չէ «կրօնի, ցեղի, սեռի կամ աշխարհագրութեան» հիմամբ կազմել, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ութ տարուան ընթացքին բանակը կը նշանակէ պաշտպանութեան նախարարը:
Նշենք, որ մէկ տարի առաջ որդեգրուած սահմանադրութիւնը ստացած էր քուէներուն 63.8 առ հարիւրը, սակայն քուէարկելու իրաւունք ունեցող բնակչութեան միայն 32.9 առ հարիւրը մասնակցած էր քուէարկութեան:
Յայտնենք, որ Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ հանրաքուէի ընթացքին տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով արձանագրուած է 8 զոհ եւ 21 վիրաւոր:







All the contents on this site are copyrighted ©.