2014-01-15 10:37:52

Բանտարկեալներու մկրտութիւն՝ Հայաստանի բանտերուն մէջ


ԵՐԵՒԱՆ.– Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի քրէակատարողական հիմնարկներու հոգեւոր ծառայութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ծառայութեան պատասխանատու Ռուբէն աբեղայ Զարգարեանի, կազմակերպած էր հոգեւորականներու այցելութիւններ Հայաստանի բանտեր: Անոնք հոն մատուցած են Ս. պատարագ, կատարած ջրօրհնէքի, տնօրհնէքի եւ հոգեհանգիստի արարողութիւններ՝ դատապարտեալներուն ու աշխատակիցներուն փոխանցելով Ս. Ծննդեան աւետիսը: Տեղի ունեցած է նաեւ քանի մը դատապարտեալներու մկրտութիւն:
Ծառայութեան հոգեւոր սպասաւորները՝ շարունակելով «Աջակցութիւն դատապարտեալների ընտանիքներին» ծրագիրը, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելած են նաեւ բանտարկուածներու 20 ընտանիքներ, որոնք տնտեսական ծանր կացութեան մէջ կ՛ապրին եւ ունին անչափահաս երեխաներ: Այցելութեան ընթացքին կատարուած են տնօրհնէքի արարողութիւններ, տեղի ունեցած են հոգեխնամ զրոյցներ ընտանիքներու անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն յանձնուած են տօնական նուէրներ եւ դրամական օգնութիւն:







All the contents on this site are copyrighted ©.