2014-01-14 12:58:53

Սուրիահայերը Սփիւռքի Նախարարութենէն Թափանցիկ Գործունէութիւն Կը Պահանջեն


Սուրիահայերը կը պահանջեն, որ իրենց յատկացուող գումարները բաշխուին թափանցիկ, իսկ տեղեկատւութիւնը` ճշգրիտ: Ըստ yerkirmedia.am-ի՝ այսօր հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին անոնք ըսած են, որ յատկապէս հասարակական ցանցերու մէջ կը խօսուի իրենց յատկացուող գումարներու ոչ ճիշդ ու հասցէական բաժանման մասին:
Այդ հարցով որեւէ փաստ չկայ, իսկ որպէսզի շահարկումներ չըլլան, անհրաժեշտ է, որ գումարները բաշխուին թափանցիկ, ու ըլլան հաշուետւութիւններ:
“Այդ գումարները կը յատկացնէ Սփիւռքի նախարարութիւնը, եւ շատ լաւ պիտի ըլլայ, որ թափանցիկ ըլլայ ամէն ինչ, քանի որ ոչ ոքի կրնաս ըսել, թէ Facebook-ի մէջ արձանագրութիւններ մի ըներ: Չունինք փաստեր, թէ գումարները ճիշդ չեն բաժանուիր: Պարզապէս որպէսզի խօսակցութիւններէն հեռու մնանք, աւելի լաւ է հաշուետւութիւններ ըլլան”,- ըսած է վազգէն Պերղուտեանը:
Իսկ լրագրողներուն կոչ ուղղած են` ճշգրտել Սուրիայէն հասած տեղեկատւութիւնը, քանի որ երբեմն լրատւութիւնն ու փաստը չեն համապատասխաներ:
Անոնք նաեւ խօսած են իրենց առջեւ ծառացած առաջնահերթ խնդիրներու մասին` յատկապէս առանձնացնելով աշխատանքի հարցը:
“Գերակայ է աշխատանքի հարցը: Սուրիահայերու հիմնական մասը ունակ է աշխատելու, աւելին, ունի արհեստներ կամ ուսեալ է: Այնպէս որ, պետութիւնը կրնայ օգտուիլ ատկէ ու նաեւ օգնած ըլլալ: Կայ ասոր միւս կողմը, արդեօ՞ք աշխատանվարձը այնքան է, որ մարդը կարենայ այստեղ վարձք տալ եւ ընտանիքը պահել”,- ըսած է Ռոպերթ Սուլահեանը:







All the contents on this site are copyrighted ©.