2014-01-14 12:12:32

Ճանչցէք ձեր թշնամին


RealAudioMP3 ''Որպէսզի սատանայէն չխաբուինք, որովհետեւ գիտենք անոր խորհուրդները''(2 Կոր 2, 11)

Ճանչցէք ձեր թշնամին՝ նախադասութիւն մը որ առնուած է պատերազմի արուեստագէտ ջինացի Սուեցու սպարապետէ մը: Այս զինուորը, Քրիստոսէ 200 տարիներ առաջ կը յայտարարէր. ,Այն անձը որ չի ճանչնար ո՛չ իր անձը ո՛չ իր թշնամին, անփոփոխ կերպով պիտի յաղթահարուի իր կեանքին բոլոր պայքարներուն մէջ:
Որպէս քրիստոնեաներ, պէտք ենք հասկնալ որ Սատանան ունի իր ծրագիրները, ռազմագիտութիւնները եւ իրատեսութիւնները... որոնք, իրականութիւն մըն են մեր հոգեւոր կեանքին մէջ: Շատ մը քրիստոնեաներ չեն ուզեր արտայայտել իրենց հոգեւոր յաղթանակները, որովհետեւ չեն ճանչնար իրենց ճշգրիտ թշնամին, եւ ատոր համար տկար եւ խոցելի կը մնան մանաւանդ իրենց խաբուած եւ թունաւորուած իրենց անհասկացողութեան մէջ: Բայց այդ հոգեբանութենէն ելլելու համար, անպայմանօրէն ճանչնալու ենք մեր թշնամին, որ է՝ սատանան:
Սուրբ Պօղոսը կ'ըսէր, թէ սատանան միշտ կը փորձէ իշխել մեր մտքին վրայ, երբեմն, կը կարծենք, թէ ինքն է զօրաւորը եւ ուժ ունեցողը, ատոր համար է որ տատամսոտ մարդիկ կ'ապրին եւ կը մնան վախի եւ մտահոգութեան մէջ, որովհետեւ սատանան կը փորձէ գողնալ մեր ուրախութիւնը:
Յաճախ կը նշմարենք կարգ մը մարդոց յարաբերութիւններու եւ ֆինանսական դրութիւններու եւ մանաւանդ հոգեւոր կեանքի թունաւորումը իրենց անձնական կեանքին կամ ընտանեկան կեանքին մէջ. ատոնք կ'ապրին տարակոյսը Աստուծոյ եւ իր խօսքին հանդէպ:
Մեր մտքին մէջ լաւ դնենք, թէ Սատանան մասնաւոր ծրագիրներ ունի իւրաքանչիւրիս համար, ան, բոլորիս եւ ամէն ինչի կը մտածէ եւ իր գործունէութիւնները արդիւնքն են իր մտածելակերպին. ատոր համար երբեք, պէտք չենք անգիտանալ իր խաբեբայութեան ձեւերը, որովհետեւ կարող է թունաւորել մեր հոգին, զգացումները եւ հոգեւոր կեանքը:
Այսօր Աստուած մեզ կը պարգեւատէ ըսելով, թէ մենք միշտ պէտք ենք իր յաղթանակը ապրիլ եւ օգտուիլ իր օրհնութիւններէն, պատրաստ ըլլալու ենք միշտ հասկնալու եւ մերժելու սատանային սուտերը եւ խաբէութիւնները. պարտական ենք զատորոշելու մեր գաղափարները՝ տոգորուելու համար Աստուծոյ խօսքերով: Հռչակելու ենք Աստուծոյ ճշմարտութիւնները եւ խոստումները առանց մոռնալու որ մեծ հոգեւոր պայքար մը մղելու ենք սատանային դէմ: Քաջ ըլլանք, առանց վհատելու, որովհետեւ Աստուծոյ հաւատքն է որ մեզի յաղթանակ պիտի տայ: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.