2014-01-14 11:10:50

Գաղթականին ու Փախստականին համաշխարհային 100-րդ օրը։


Կիրակի 19 սեպտեմբերին կը նշուի գաղթականին եւ փախստականին համաշխարհային 100-րդ օրը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը` ''դէպի աւելի լաւ աշխարհ'' բնաբանով պատգամ մը յղած է, որ լոյս տեսաւ անցեալ 24 սեպտեմբեր 2013-ին։
Չորեքշաբթի, 15 յունուարի կէսօրին, Ռատիվատիկանի ''Մարքոնի'' անուան սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս, ներկայացնելու համար Իտալական Եկեղեցւոյ, այս առթիւ, կազմակերպած ձեռնարկները։
Մամլոյ աուսլիսը կը ներկայացնեն Իտալական Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի` գաղթականութեան յանձնախումբի նախագահ` գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Մոնթէնէկրօ եւ Միկրանթէս Հիմնարկի Տնօրէն` գերապայծառ Ճանքարլօ Փերէկօ։ Մամլոյ ասուլիսը կը վարէ` գերապայծառ Տոմէնիքօ Փոմփիլի` Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի ենթաքարտուղար եւ ընկերային հաղորդակցութեան ազգային գրասենեակի տնօրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.