2014-01-14 09:14:21

2013-ին կաթողիկէ 22 քարոզիչներ սպաննուած են, Լատին Ամերիկան կը հանդիսանայ կաթողիկէ քահանաներու ամենամահացու ցամաքամասը։


2013 տարւոյն ընթացքին, կաթողիկէ 22 քարոզիչներ` մեծամասնութեամբ քահանաներ, սպաննուած են աշխարհի մէջ։
Լատին Ամերիկեան ցամաքամասը կը հանդիսանայ կաթողիկէ եկեղեցականներու ամենավտանգաւոր վայրը, քանի 2013-ին հոն սպաննուած են 15 քահանաներ։
Գոլոմպիան եւ Մեքսիքոն ճանչցուած են որպէս երկիրներ ուր կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամ անհատները մասնաւորապէս սպառնալիքի տակ կը գտնուին։ Գոլոմպիան հինգերորդ տարուան համար առաջինը կը հանդիսանայ եկեղեցականներու սպաննութեամբ։ 2013-ին այնտեղ սպաննուած են 7 քահանաներ։
Յայտնենք որ վերջերս, Յիսուսի ս. Ծնունդեան գիշերը, Կուադեմալայի Պելիցէ քաղաքին մէջ սպաննուեցաւ 64 տարեկան գանատացի պատուելի քարոզիչ` Պրաիան Թաունսենտ, որ 1981էն ասդին իր առաքելութիւնը կը կատարէր Սալվատորէն եւ Կուադեմալայէն փախած գաղթականներու ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.