''Միթէ՞ կարելի է անտարբեր մնալ'' բնաբանով Վատիկանի մէջ կլոր սեղան Սուրիոյ մասին։
Երկուշաբթի 13 յունուարին, Քահանայապետական Գիտութեանց կաճառի մօտ, տեղի կ՛ունենայ,
''միթէ՞ կարելի է անտարբեր մնալ'' բնաբանով, Սուրիոյ մասին կլոր սեղան մը, ի պատրաստութիւն
Ժընեւի մէջ կայանալիք խորհրդաժողովին։ Կլոր սեղանին հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը
բերելու միջազգային մասնագէտներ, որոնց կարգին նաեւ եգիպտացի Մոհամատ էլ Պարատէյ` խաղաղութեան
նոպելեան մրցանակակիրը։ Հանդիպումը կը նախագահէ` միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական
խորհուրդին նախագահը, կարտինալ Ժան Լուի Թոռան։ Միօրեայ այս ժողովին կէտնպատակն է`
Սուրիոյ մէջ հրադադարը ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը, եւ
միջկրօնական երկխօսութեան հաստատումը։ Այս առթիւ պատրաստուած է 8 էջնոց վաւերաթուղթ մը,
որուն մէջ կ'ողջունուի Ռուսիոյ նախագահ Բութինի տածած ջանքը Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ
եւ միաժամանակ կ'այպանուին այն երկիրները որոնք զէնք հայթայաթած են ու ֆինանսաւորած պատերազմող
խումբերը։ Յայտնենք որ անցեալ 28 դեկտեմբեր 2013-ին Սուրիոյ կառավարութեան մէկ պատուիրակութիւնը
ընդունուեցաւ Ս. Աթոռի քարտուղար գերապայծառ Փարոլինէն եւ արտգործ նախարար` գերապայծառ
Մամպերթիէն։ Այդ առթիւ պատուիրակութիւնը ներկայացուց Սուրիոյ կառավարութեան դիրքը եւ
յանձնեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուղղուած` Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատի մէկ պատգամը։