2014-01-13 14:53:46

''Խաղաղութիւն, Ընտանիք, Տարեցներ, Երիտասարդներ, Եղբայրութիւն, Համերաշխութիւն''` եղան Ֆրանչիսկոս Պապի Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին ներկայացուցած բարեմաղթութիւններու գլխաւոր նիւթերը։


Երկուշաբթի, 13 յունուար, առաւօտեան ժամը 11-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, հանդիպելով Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին, անոնց փոխանցեց ս. Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ տօներու բարեմաղթութիւնները։

Իր արտասանած երկարաշունչ ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նախ ներկաներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն, իշխանութեանց ու ժողովուրդներուն մաղթեց` 2014 տարի մը լի օրհնութիւններով ու խաղաղութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա այս բարեպատեհ առիթով նշեց Սուրբ Սթոռի դիւանագիտական ասպարէզէն ներս արձանագրուած 2013-ի կարեւոր դէպքերը, ապա մէջբերեց ''եղբայրութիւնը որպէս խաղաղութեան հիմ ու ճանապարհ'' բնաբանով, խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ, իր հրատարակած պատգամը, մատնանշելով թէ ''եղբայրութեան դաստիարակութիւնը կը սկսի ընտանիքի մէջ, որ կանչուած է աշխարհը ''վարակելու'' իր սիրով'', յառաջացնելով ծառայութեան եւ բաժնեկցութեան հոգին, որ խաղաղութիւնը կը կերտեն։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց ''ընտանիքներու'' ներկայ իրավիճակը, ուր բաժանումները հետզհետէ աճ կ՛արձանագրեն, կեանքի դժուար պայմաններու հետեւանքով ու այս ուղղութեամբ մաղթեց ''քաղաքական համապատասխան քայլեր'' որ զօրացնեն ու թիկունք կանգնին ընտանեկան կառոյցին։

Ակնարկելով ապա տարեցներուն, Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ անոնք, երիտասարդներուն հետ միասին, մարդկութեան յոյսն են։ Առաջինները` իրենց փորձառութեամբ եւ իմաստութեամբ, իսկ երկրորդները իրենց ապագայի ձգտումով։ Այս առընչութեամբ` Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց չմեկուսացնել տարեցները ընկերային կեանքէն, եւ երիտասարդներուն վրայ ներդրումներ կատարել, անոնց խանդավառութիւնը չյագեցնելու համար, ապահովցնելով անոնց աշխատանք եւ ընտանեկան օճախ։
Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշեց Ռիօ Տէ Ժանէյրօյի երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը ու երիտասարդներու հետ ունեցած իր հանդիպումները։ Ան ապա ակնարկեց անցնող տարուայ ընթացքին տեղի ունեցած ''կործանումներուն'' ու ''ցաւերուն'' եւ մատնանշելով Սուրբ Ծննդեան խաղաղութեան պատգամին որ '' եսասիրութիւնը կը վերածէ պարգեւի եւ վրէժխնդրութիւնը ներողամտութեան'' ըսաւ` ''Այս յոյսով է որ կը նայիմ մեր առջեւ գտնուող նոր տարուան։ Ու կը շարունակեմ յուսալ որ վերջ գտնէ Սուրիոյ հակամարտութիւնը, որուն տառապող ժողովուրդի հանդէպ իմ մտահոգութիւնս զիս մղեց, անցեալ սեպտեմբերին, ծոմապահութեան ու աղօթքի օր մը հռչակել''։ Քահանայապետը դեսպաններուն միջոցաւ ուզեց ''սրտագին շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց որոնք միացան վերոյիշեալ ձեռնարկին''։
''Հարկ է - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը- որ մարդու արժանաւորութիւնը ոտնակոխ չ՛ըլլայ'' շնորհակալութիւն յայտնելով այն երկիրներուն որոնք սուրիացի գաղթականները հիւրընկալեցին իրենց հողերուն վրայ սկսեալ Լիբանանէն եւ Յորդանանէն։

Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձաւ ապա Լիբանանու քաղաքական խրովայոյզ իրավիճակին յոյս յայտնելով որ քաղաքական ուժերու համագործակցութիւնը ձգտի երկրին կայունութեան։ Յիշեց Եգիպտոսը, Իրագը, Իրանը ու շեշտեց դիւանագիտական ճանապարհի եւ երկխօսութեան հարկաւորութեան որպէս միջոց լարուածութիւնները փառատելու։ Ողջունեց Իսրայելցիներու եւ Պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութեան ի սպաս վերսկսած բանակցութիւնները ու մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքէն եւ Հիւսիսային Ափրիկէէն քրիստոնեաներու արտագաղթին ի տես։ ''Անոնք – յարեց Նորին Սրբութիւնը – կը փափաքին շարունակել մաս կազմել այդ երկիրներու` ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին, որուն կառուցման ի նպաստ սատարած են''։
Հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը հիմնական առաջնահերթութիւններ են որ Եկեղեցին Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ կը շարունակէ հետապնդել – ըսաւ արդ Քահանայապետը ու մատնանշելով Քորէայի հանրապետութեան իրավիճակին, քաջալերեց` Ասիական ցամաքամասի մէջ զանազան կրօններու ու ցեղերու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շեշտը դրաւ ապա ''Մարդ էակի արժանաւորութեան'' ժխտումին, սկսեալ սնունդի պակասէն եւ շատերը հարուածող անօթութենէն։ ''Կարելի չէ անտարբեր մնալ ի տես անօթութեան իրողութեան'', ըսաւ Սրբազան Հայրը, յատկապէս ակնարկելով մանուկներուն։Ան ապա վերյիշեց Լամբետուզա կղզիին կատարած իր հովուական այցելութիւնը, ուր տառապանքի մօտ գտաւ նաեւ անձնուիրում ու սէր։
Սրբազան Քահանայապետը իր երակարաշունչ այս ճառին վերջին հատուածը յատկացուց ''բնապահպանութեան'' վերակոչելով ''ամէն անհատի պատասխանատութիւնը հանդէպ Աստուծոյ արարչագործութեան''։

Իր ճառին աւարտին, Սրբազան Հայրը մէջբերեց Պօղոս Զ քահանայապետի հետեւեալ խօսքը` ''Խաղաղութիւնը պատերազմի պակասը չէ, որ զօրքերու վտանգաւոր հաւասարակշռութեան արդիւնք է։ Այլ կը կերտուի օրը օրին, հետապնդելով Աստուածային կարգ մը, որ մարդոց միջեւ աւելի կատարեալ արդարութիւն մը կր յառաջացնէ։'' Այս է ոգին որ կը կենադանացնէ Եկեղեցւոյ ներգործութիւնը աշխարհի մէջ, քահանաներու, միսիոնարներու եւ աշխարհական հաւատացեալներու միջոցաւ, իրենց նուիրագործ աշխատանքով – հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու եզրափակեց ըսելով` ''Այս տարուայ սեմին­ կ՛ուզեմ նորոգել Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը, համագործակցելու ձեր երկիներուն հետ, ամրապնդելով այն եղբայրական կապերը, որ Աստուծոյ սիրոյ ցոլացումն են, եւ որ համերաշխութեան ու խաղաղութեան հիմը կը կազմեն։''







All the contents on this site are copyrighted ©.