2014-01-12 12:06:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։ ''Ամէն մանուկ որ կը ծնի յոյսի եւ ուրախութեան պարգեւ մըն է եւ ամէն մանուկ որ կը մկրտուի հաւատքի հրաշք մըն է''։


Կիրակի, 12 յունուարի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն, արտասանելէ առաջ աւանդական Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն խօսքը ուղղելով ըսաւ`
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,
Այսօր` Տիրոջ Մկրտութեան տօնն է, այս առաւօտ 32 մանուկներ մկրտեցի։ Գոհաբանութիւն կը մատուցեմ Տիրոջ այս արարածներուն ու շնորհուած ամէն նոր կեանքի համար։ Ամէն մանուկ որ կը ծնի յոյսի եւ ուրախութեան պարգեւ մըն է եւ ամէն մանուկ որ կը մկրտուի հաւատքի հրաշք մըն է, եւ Աստուծոյ ընտանիքին համար տօն մը։
Սրբազան Հայրը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն ուր կը պատմուի Յիսուսի Մկրտութեան դրուագը։
''Երբ Յիսուս ընդունեց ապաշխարութեան մկրտութիւնը զօրակցելու համար մեղաւոր ժողովուրդին հետ, Ինք առանց մեղքի, որ կարիքը չունէր ապաշխարելու, Հայր Աստուած իր ձայնը ուզեց լսցնել երկինքէն ըսելով ''Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս զոր ես հաճեցայ ընտրել'' ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով` '' Յիսուս կ՛ընդունի իր Հօր հաւանութիւնը որ զինք ուղարկած է մեր հետ բաժնեկցելու մեր մարդկային վիճակը, մեր աղքատութիւնը։ Սիրելու ճշմարիտ ճանապարհը բաժնեկցիլն է։ Այսպէսով Յիսուս մեզ կը դարձնէ Հօր Աստուծոյ զաւակներ, այս է յայտնութիւնը ու Անոր ճշմարիտ սիրոյ աղբիրը''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հարց տուաւ ''չէ՞ք կարծեր որ ներկայ ժամանակը կարիք ունի եղբայրական առաւել բաժնեկցութեան ու սիրոյ''։ ու աւելցուց – ''կարիքը կայ բաժնեկից սիրոյ, որ իր վրայ առնէ եղբօր տառապանքն ու ցաւերը'' ու հուսկ խօսքը եզրափակեց ըսելով` ''Հայցենք Սուրբ Կոյսէն որ իր բարեխօսութեամբ նեցուկ կանգնի մեզի, մկրտութեամբ դրոշմուած, Քրիստոսի հետեւելու մեր այս յանձնառումին մէջ, հաւատքի ու սիրոյ ճանապարհով ։







All the contents on this site are copyrighted ©.