2014-01-12 10:54:23

Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի աւանդական արարողութիւն Սիքստինեան մատրան մէջ։


Կիրակի 12 յունուարի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, ըստ աւանդութեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին մանուկներուն կը մատակարարէ սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։
Միքէլանճէլոյի սքանչելի ստեղծագործութիւնը, որ դարերու հոլովոյթին համաշխարհային բնոյթ ունեցող թանկարժէք ժառանգութիւն մը դարձաւ, ''Սիքստինեան Մատուրի'' բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է` 31 Հոկտեմբեր 1512-ին, Կիւրեղ Բ Քահանայապետի գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեամբ։
500 տարեկան այս մատրան մէջ, ամէն յունուար ամսուայ ընթացքին, ըստ լատինաց Յիսուսի մկրտութեան յիշատակի տօնին առթիւ, Քահանայապետը Սուրբ Մկրտութեան խորհրուդը կը մատակարարէ Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին մանունկներուն։
Անցեալ 31 հոկտեմբեր 2012-ին, Սիքստինեան մատրան 500-րդ տարեդարձին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատած էր թէ <<աշխարհը խաւարի եւ անպատեհութեան արդիւնք մը չէ այլ յառաջ եկաւ իմացականութենէն, ազատութենէն ու Սիրոյ գերագոյն ներգործութենէն։ Աստուծոյ լոյսն է որ սիքստինեան մատրան որմնանկարները կը լուսաւորէ''։ ''Աստուծոյ լոյսը որ իր զօրութեամբ կը յաղթէ խաւարին, կեանք պարգեւելու համար։ Սիքստեան մատուրը կը պատմէ այս լոյսի պատմութիւնը, փրկութեան եւ ազատագրումի պատմութիւնը ու կը խօսի Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ յարաբերութեան մասին...Աստուծոյ ու մարդու մատերու միութեան մէջ մենք կ՛ըմբռնենք կապը երկրի ու երկնքի միջեւ։ Այստեղ աղօթելը հրաւէր մըն է համայն սուբրերուն հետ միասին, Արարիչ Աստուծոյ, Փրկիչ ու ողջերու եւ մեռեալներու դատաւորին, բարձրացնելու մեր աղերսը ըսելով ''Ամէն Ալէլուիա, Օրհնեցէք մեր Աստուածը` անոր բոլոր ծառաները, դուք որ` մեծ ու պզտիկ անոր երկիւղն ունինք''։
Միքելանճէլոն` 4 տարուայ աշխատանքներով (1508-1512) իրագործած է այս սքանչելիքը, որ 1000 մեթր քառակուսի տարածութեան վրայ 500 տարիներէ ի վեր ''կանթեղ'' մըն է գեղարուեստի աշխարհի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.